Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանը օգնութեան ձեռք մեկնած է հանգամանքներու բերումով հայրենիք տեղափոխուած աւելի քան 7000 սուրիահայ:
Ամերիկեան հեղինակաւոր USA today պարբերականը անդրադարձած է այն մարտահրաւէրներուն, որոնց կը բախին Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը եւ որոնք առաջ կու գան Հայաստանի մէջ:

Armenpress.am հաղորդելով այս մասին կը մէջբերէ հետեւեալը.«Սիրիահայեր են ժամանում ամէն շաբաթ: Սա մարտահրաւէր է նաեւ Հայաստանի համար, քանի որ մեր տնտեսութիւնն ամենաուժեղներից չէ: Բայց մենք փորձում ենք նրանց համար անել մեզանից կախուած ամէն ինչէ»,- ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սուրիահայերու հարցերով զբաղող յանձնախումբի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանը:

Պարբերականը ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տարբեր ուղիներ կը փորձեն գտնել՝ օգնելու Սուրիայէն ժամանած հայութեան, որպէսզի անոնք հնարաւորինս չափ արագ յարմարին նոր պայմաններուն: Հայաստանը արդէն Սուրիայէն ժամանող հայերու համար պարզեցուցած է վիզայի գործընթացը: Բացի այդ՝ հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է տարրական դպրոց, ուր սուիրիահայ երեխաները արաբերէն լեզուով եւ իրենց ծանօթ ուսումնական ծրագիրով ուսանելու հնարաւորութիւն ունին:

Նման կրթօճախներէն է Երեւանի Կիլիկեան դպրոցը, որ նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ ՀՀ Գիտութեան եւ կրթութեան, Սփիւռքի նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ: Դպրոցը ունի 300 աշակերտ եւ 16 նոր ուսուցիչ: «Սկզբնական շրջանին երեխաները դժուարութեամբ կը յարմարէին նոր պայմաններուն: Ի հարկէ, անոնք կը կարօտնան իրենց տուները, հարազատները եւ իրենց խաղալիքները, սակայն աստիճանաբար կ'ընտելանան իրենց նոր կեանքին Հայաստանի մէջ»,- ըսած է Կիլիկեան դպրոցի տնօրէն Նորա Փիլիպոսեան:

Սարգիս Ռշտունին այն բազմաթիւ հայերէն է, որոնք ստիպուած եղած են լքելու իրենց տունը Հալէպի մէջ: Մինչ օրս ան չի կրնար իր յիշողութենէն ջնջել այն տեսարանները, որոնց ականատեսը դարձած էր ինքը:

«Ընկերոջս հետ էի, երբ կրակոցներու ձայն լսեցինք: Ամէն ինչ շատ արագ կատարուեցաւ. վայրկեան առ վայրկեան կը մօտենար կրակոցներու ձայնը: Ամէնուր կրակոցնէր էին, մարդիկ խուճապահար կը փախչէին»,- պատմած է Ռշտունին:

Սուրիոյ մէջ բնակող հայ համայնքի շուրջ 80 տոկոսի համար Հալէպը հայրենի քաղաք է: Անոնք, որոնք, վտանգելով իրենց կեանքը, դեռ մնացած են այնտեղ, կը շարունակեն գտնուիլ պատերազմական գործողութիւնններու կիզակէտին: Հալէպի բնակչութիւնը ստիպուած է գոյատեւել սնունդի, դեղորայքի, ելեկտրականութեան սուղ եւ թերեւս վերջին երկու տասնամեակներու ամենացուրտ ձմրան պայմաններու մէջ:

Պարբերականը նկատած է, որ Սուրիայէն ժամանած հայութիւնը յատկապէս կը բնակի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, սակայն անոնց մէկ մասն ալ հաստատուած է մարզերու մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի: Երեսնամեայ Վարդան Պօղոսեանը, որ իր ընտանիքին հետ ապաստան գտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, նշած է, որ իր երազանքը եղած է գալ Հայաստան, «Այնուամենայնիւ, այսօր ստիպուած է վերակառուցել իր կեանքը»:

«Ես կ'ուզեմ մնալ այստեղ»,- ըսած է Պօղոսեանը, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռքբերելու համար քննութիւնը յանձնած է ամրան: «Կեանքը այստեղ դժուար է: Աշխատանքային փոքր հնարաւորութիւններ կան, եւ ամէն ինչ սուղ է, բայց ես կ'ուզեմ գտնել լրացուցիչ աշխատանք, օգնել ես ինծի՝ մնալ եւ ապրիլ բարեկեցիկ կեանքով»,- աւելցուցած է ան:

Ամերիկեան հեղինակաւոր USA today պարբերականի փոխանցմամբ՝ մօտ երկու տարի առաջ սկսած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով Սուրիայէն աւելի քան երկու միլիոն մարդ ներգաղթի դիմած է, իսկ աւելի քան 650,000-ը ապաստան գտած են արտերկրի մէջ՝ Թուրքիա, Լիբանան եւ Յորդանան: