Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Փետրուար 13-ին, Թիֆլիսի Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կատարուեցաւ նախատօնակ: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը եւ հոգեւոր դասը, հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ, եկեղեցւոյ կանթեղներէն վերցուած կրակով ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը՝ վառելու

աւանդական խարոյկը՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, արդէն մի քանի տարի է, Տեառնընդառաջի տօնը յայտարարուած է ընտանիքի օր եւ հայոց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կþունենայ նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Տօնական խարոյկներ վառեցին եւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ տեղի ունեցաւ նաեւ Վրաստանի 46 գործող եկեղեցիներուն մէջ:
Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած նորապըսակներուն օրհնութեան խօսքով դիմեց վիրահայոց թեմի առաջնորդ գրշ. Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեանը, հայցելով նորաստեղծ ընտանիքներուն խաղաղութիւն եւ ջերմութիւն:
Տհոլ զուռնայի նուագակցութեամբ, վառուեցաւ տօնական խարոյկը, որու շուրջը ծայր առաւ ուրախ երգն ու պարը, վերածուելով ժողովրդական մեծ տօնի:
 Այնուհետեւ նորապսակներուն բաժնուեցան նուէրներ եւ կատարուեցաւ տօնական հիւրասիրութիւն: Տեառնընդառաջի տօնը Թիֆլիսի Հաւլաբարի «Սուրբ Էջմիածին» եկեղեցւոյ մէջ աւարտեցաւ գեղեցիկ հրավառութեամբ:
Տեառնընդառաջի տօնական խարոյկներ վառուեցան եւ նորապսակներու օրհնութեան կարգ կատարուեցան նաեւ Բաթումի, Նինոծմինդայի, Ախալցխայի մէջ: Իսկ Ախալքալաքի մէջ՝ Ջաւախքի Ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն աբեղայ Սալբիեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք վառուեցաւ տօնական խարոյկը եւ տեղի ունեցաւ ժողովրդական ուրախ տօնահանդէս: