Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրին եւ ԱՄՆ-ի կողմէ տրամադրուած 5 միլիոն տոլար գումարով կը վերանորոգուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ալ ընդգրկող հայկական վանական այն համալիրը, որ կը գտնուի թրքական գրաւման ենթակայ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ:

Միայն թէ, թուրքերը որոշած էին զայն վերածել թրքագիտութեան հիմնարկի մը, ինչ որ լուրջ դժգոհութիւն պատճառելով ամերիկեան իշխանութիւններուն, վէճի նիւթ դարձած էր այս վերջիններուն եւ Կիպրոսի թրքական բաժնի ղեկավարութեան միջեւ: Ամերիկեան կողմը դիտել տուած էր, որ թուրքերը կը դրժեն համաձայնագրով սահմանուած պայմանները եւ թէ վերանորոգման ծրագիրը նախատեսուած էր որպէս «միջմշակութային» նախաձեռնութիւն:
Սպառնացած էր նաեւ թէ, եթէ Կիպրացի թուրքերը յետքայլ չընեն իրենց որոշումին մէջ, այսուհետեւ ոչ մէկ օժանդակութիւն կը յատկացնէ անոնց: Թուրքերը ի վերջոյ տեղի տալով Ուաշինկթընի այս ճնշումներուն, հրաժարած են պատմական վանական համալիրին մէջ թրքագիտութեան հիմնարկ ստեղծելու իրենց ծրագրէն: Նշենք, որ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 8րդ դարուն։ Ան գործած է մինչեւ 1963, սակայն հայոց մեկնումէն ետք մնացած է անտէր։