Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիպրոսի   նախագահական   ընտրութիւններու պայքարը   կը   մտնէ   վերջնական   փուլ

Կիպրահայոց «Արձագանգ» ամսաթերթը կը հաղորդէ թէ երկրի նախագահական ընտրութիւններու թուականը արդէն մօտեցած է եւ 11 թեկնածուները լծուած են տենդագին աշխատանքի, ապահովելու համար առաւելագոյն քուէները:

Թեկնածուներէն հիմնական առաջատարն է ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս՝ 41% տոկոսով:

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդէս եկած է նամակով մը ուղղուած երեք հիմնական թեկնածուներուն:

Ստորեւ կը հրատարակենք նամակի բովանդակութիւնը.-

Յարգարժան պրն. նախագահ,

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահութեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն ձեր թեկնածութեան առթիւ եւ ծանօթ ըլլալով կիպրահայ համայնքին հանդէպ ձեր անկեղծ զգացումներուն, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով նախաձեռնութիւնը կÿառնենք այս նամակով ձեզի փոխանցելու մեր մտածումներն ու ակնկալութիւնները՝ հարցերու մասին, որոնք Հայաստանի, Սփիւռքի եւ յատկապէս Կիպրոսի հայերուն համար մեծ նշանակութիւն ունի:

Կը ներկայացնենք առաջնահերթութիւն ունեցող այն հարցերը, որոնց մասին ձեր տեսակէտները մեզի համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:

2015ին պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն մեզի՝ հայերուս համար, այլեւ համայն մարդկութեան համար: Պիտի ուզէինք իմանալ, թէ ինչ կարելիութիւն կայ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ օրէնքի մը ընդունման, որ պիտի քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը, ինչպէս արդէն եղած է կարգ մը այլ երկիրներու մէջ:

Անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան լայն ներառումը (պատճառներով եւ հետեւանքներով) միջնակարգ վարժարաններու պատմութեան դասագիրքերուն մէջ:

Պիտի ուզէինք գիտնալ նաեւ, թէ կիպրահայ համայնքի կարգավիճակին վրայ ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ կիպրական հարցի հաւանական լուծումը, համաձայն այն սկզբունքներուն, որոնց կը հաւատայ ձեր ղեկավարած կուսակցութիւնը:

Եւ վերջապէս կը հաւատանք, թէ Կիպրոսի համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի մը հիմնումը ոչ միայն պիտի հարստացնէ համալսարանին կրթական գործունէութիւնը, ներառելով աշխարհի ամէնէն հին եւ հարուստ լեզուներէն մէկուն ուսուցումը, այլեւ պիտի ամրապնդէ մեր երկու ժողովուրդներուն անքակտելի կապերը:

Բացայայտ է անշուշտ, թէ վերոյիշեալները կիպրահայութեան խնդիրներու եւ առաջարկներուն ամբողջութիւնը չեն ներկայացներ այլ կուտան նախնական մէկ պատկերը: Այս հարցերուն լուծումներ տալու նկատմամբ ձեր դրական կեցուածքը մեր կողմէ մեծապէս պիտի գնահատուի:

Յարգանքներով՝
Յակոբ Գազանճեան
Ատենապետ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի