Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սինկափուրի «Ռաֆըլզ» պանդոկը՝ արեւելքի առասպել

«Նիւզ» լրատու գործակալութիւնը կրճատուած հրապարակած է «Տէ փալմ Պիչ տէյլի նիուզ» պարբերականի մէկ յօդուածը, որու հեղինակը՝ Շէրիլ Պլէրքէրպա մեծ հիացումով կ'արտայայտուի Սինկափուրի «Ռաֆըլզ» պանդոկի մասին:

Յօդուածին մէջ գրուած է հետեւեալը.- «Սինկափուրի մէջ վերջին վագրը սպաննուած է «Ռաֆըլզ» պանդոկի պիլիարտոյի սեղանի տակ, 1902ին: Այս պատմութիւնը առասպել է եւ բազմաթիւ առասպելներ կը յիշուին, երբ կը խօսուի «Ռաֆըլզ» պանդոկի մասին: Բրիտանացի գրագէտ Սոմէրսէթ Մոսէմ ըսած է որ պանդոկը կը մարմնաւորէ էքզոթիք արեւելքի բոլոր առասպելները: Պանդոկը կառուցուած է 1887ին պարսկահայ եղբայրներու կողմէ: Համեստ 10 սենեակնոց իջեւանատունէն ան վերածուեցաւ շքեղ, իտալական ոճի պանդոկի մը, որ յայտնի է ամբողջ աշխարհի մէջ: Անգլիացի գրող Ժոզէֆ Քոնտար զայն նկատած է օդային, ինչպէս նաեւ թռչնավանդակ: «Ռաֆըլզ» պանդոկի մէջ իջեւանած են թագաւորական ընտանիքի անդամներ, պետութիւններու ղեկավարներ, ամերիկեան եւ եւրոպական դերասաններ ու յայտնի գրողներ, որոնց կարգին են Հեմինկուէը եւ Նոէլ Քաուարտ:  Ուիլիամ արքայազունն ու Քեէմպրիճի դքսուհին հոս իջեւանած էին 2012ի Սեպտեմբերին, իրենց շրջապտոյտի օրերուն:

--------------------------------------

ՍԻՊԻԼ ՈՒ ԱՆՏՐԷ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ Կ'ԵՐԳԵՆ

«Մարմարա» կը հաղորդէ թէ Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 150ամեակին առիթով, Մասլաքի ԹԻՄ սենթըր սրահին մէջ հոյակապ համերգ մը տեղի ունեցաւ, Հայաստանէն հրաւիրուած նշանաւոր արուեստագէտ Անտրէ, նաեւ Պոլիսէն երգչուհի Սիպիլի մասնակցութեամբ: Օրուան բացումը կատարեց Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամուհի Գարէն Թէրզիօղլու, որ հայերէնով եւ թրքերէնով կարդաց ուղերձ մը: Ապա յայտագիրը բացուեցաւ Յովհաննէս Շիրազի բառերուն վրայ Մաժակ Թօշիկեանի կողմէ յօրինուած «Քո հայրենիք» երգով: Շարունակաբար Սիպիլ եւ Անտրէ մեներգներով եւ զուգերգներով այլ կտորներ ներկայացուցին: Թաղային Խորհուրդի կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան երգիչներուն, խմբավար Մաժակ Թօշիկեանին եւ Շիշլիի փոխ քաղաքապետին:

__________________________

ՓԱՐԻԶԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊԻՍԿ. ԹԷՅՐՈՒԶԵԱՆ

Գրիգոր Եպիսկ. Կապրոյեանի հրաժարումէն ետք, որ Փարիզի Ս. Խաչ առաջնորդանիստ եկեղեցին կը գլխաւորէր 1984էն ի վեր՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապը, Փետրուար 2ին, անոր տեղը նշանակած է Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը (Ժան Թէյրուզ): Ան ծնած է 1941ին Հալէպ, քահանայ ձեռնադրուած է Զմմառի վանքին մէջ՝ 1965ին՝ ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-պատրիարքին: Եղած է փոխտնօրէն Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի դպրոցին եւ Պուրճ-Համուտի (Պէյրութ) Մեսրոպեան վարժարանին, ծառայած է զանազան հօտերու:

------------------------------------

ՀՈԼԱՆՏԱ

ՍՈՒՐԲ  ԿԱՐԱՊԵՏ  ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ  ԵՒ  ՕԾՄԱՆ  ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍԹՐԻԽԹԻ  ՄԷՋ

Հոլանտայի Մասթրիխթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Կարապետ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութիւնը: Օծման կարգը կատարուած է Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի կողմէ՝ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Սրբազան Տաթեւ Եպիսկ. Յակոբեանի, Զատիկ Վրդ. Աւետիքեանի, Արմէն Քհնյ. Մելքոնեանի, Տարօն Քհնյ. Թադէոսեանի եւ Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեանի մասնակցութեամբ: Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Ռուրմոնտ նահանգի եկեղեցական թեմերու առաջնորդներ, յունական եւ ռուսական եկեղեցիներու առաջնորդ Վլատիքօ Արք. Գաբրիէլ, եւայլ: Հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ Մասթրիխթի փոխքաղաքապետ Ժագ Գոսթոնքս եւ քաղաքային իշխանութիւններու այլ ներկայացուցիչներ ինչպէս եւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Ձ. Աղաջանեան: Եկեղեցին, որ օծուած է Սուրբ Կարապետ անունով, անցեալին նոյն տեղը կը գործէր որպէս Քրիստոսի համբարձման եկեղեցին, որ հայ համայնքին նուիրուած է այդ եկեղեցւոյ խորհուրդին որոշումով եւ Ռուրմոնտի առաջնորդարանի համաձայնութեամբ, որպէս երախտագիտութիւն՝ Մասթրիխթի համայնքային կեանքին հայ համայնքի ունեցած ներդրումին: