Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Փետրուար 6-ին պաշտօնական այցելութեամբ Պուտափեշտ ժամանած էր  Թուրքիոյ  վարչապետ Թայիփ Էրտողանը:

Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած էր «Ժողովրդավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ» թեմայով դասախօսութիւն, քաղաքի ԷԼՏ համալսարանէն ներս: Դասախօսութեան մասնակցութեան դիմումներ ներկայացուցած էին հայ, յոյն եւ սուրիացի ուսանողներ, որոնք սակայն մերժուած էին: Երկար պէտք չկայ մտածելու, հասկնալու համար, որ փաստը կը տրուէր «Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան»...: Ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին Հունգարիոյ մէջ ապրող սուրիացի, հայ եւ յոյն բնակիչները չհեռացան համալսարանի առջեւէն, բողոքի ցոյց կատարելով եւ պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու  վերջ տալ Սուրիոյ մէջ  անմեղ բնակչութեան կոտորածին: