Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան Յունուար 7, 2013էն սկսեալ՝ ՀՕՄ-ի, հայ կանանց համաշխարհային կազմակերպութեան նոր վարիչ-տնօրէնն է: Ան ծնած է Լիբանան եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն ներս, ապա յաճախած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Համալսարանական ուսումը ստանալէ ետք Պէյրութի Հայկազեանէն՝ յաճախած է Օքսֆորտ համալսարան եւ համեմատական ու միջազգային կրթութեան մէջ մասնագիտացած:

Լիբանան վերադառնալով, Տէմիրճեան-Աթթարեան աշխատեցաւ ՄԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ տեղական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, կեդրոնանալով գաղթականներու աշխատանքի որոնման հմտութիւններու, կրթութեան, վերակառուցման, արհեստավարժութեան եւ պատրաստման ծանօթացման մարզերուն վրայ:

2008ին ան հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ աշխատեցաւ հայ կրթական հաստատութիւններէն ներս մինչեւ ՀՕՄ-ի տնօրէն-վարիչ պաշտօնի ստանձնումը, ըլլալով մի՛շտ աշխոյժ հայ գաղութի կեանքէն ներս:

Տէմիրճեան-Աթթարեան, որ ներկայիս կը զբաղի նաեւ միջազգային կրթութեան մարզէն ներս ուսումնասիրութիւններ կատարելով, հրատարակած է իր աշխատանքներէն մի քանին: «Եւրոպայի Կրթական Համակարգը - Եւրոպական Միութենէն Դուրս» խորագրով աշխատանքը ներկայիս ընթացքի մէջ է:

Իր ներկայ պաշտօնին մասին խօսելով ան ըսաւ.- «Պատիւ կը զգամ որ ինծի առիթը տրուեցաւ իմ ներդրումս կատարելու Հայ Օգնութեան Միութեան լայնածաւալ գործունէութեան մէջ: Նկատի ունենալով այս կազմակերպութեան դերը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս, ես այն կարծիքին եմ, թէ մենք հպարտութեամբ պէտք է որ արդարացնենք մեր 100ամեայ, համաշխարհային կազմակերպութիւն ըլլալու իրողութիւնը, ընդարձակելով մեր աշխարհահայեացքը եւ գործունէութեան տարողութիւնն ու ձեւը: 27 տարբեր երկիրներու մէջ մեր ունեցած երկարամեայ գործունէութիւնը պէտք է ՄԱԿ-ի մէջ ընդարձակել, ինչպէս նաեւ աշխուժացնել մեր գործակցութիւնը միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ»։