Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ուինտիզ» հեռաձայններու խաղերու շուկային մէջ նոր յայտնուած է «The Gardener» («Այգեպանը») խաղը: Խաղի գլխաւոր հերոսը հայ այգեպանն է, որ կը պաշտպանէ իր այգին որդերէ եւ այլ վնասակար միջատներէ:

Խաղին իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ, իսկ պաստառի վրայ կ՛երեւին Արարատ լեռը ու ծաղկած ծիրանին:

Ի դէպ, «Մայքրոսոֆթ Հեքըթոն(ԵԱՆ) 2012» նորարար գաղափարներու եւ ծրագրաւորման մրցոյթին ընթացքին, նշեալ խաղը շահած է «Ուինտիզ» հեռաձայններու «Լաւագոյն յաւելուած» մրցանակը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կրնաք այցելել www.mlabeca.com/eng/mobile_applications1/the-gardener կայքէջը, կամ www.mlabeca.com կայքը: