Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիական Օդանաւային Ընկերութիւնը Փոխան Երեւան - Հալէպ Թռիչքին

Երեւան - Լաթաքիա Թռիչք Պիտի Կատարէ

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ հայաշատ Հալէպ քաղաքը արտաքին աշխարհէն կտրուած է՝ ցամաքային ճամբաները վտանգաւոր են, իսկ օդակայանը փակ է:

Ան յայտնած է, որ օդակայանին վերաբացման վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան: Տեղեկութիւն ստանալու համար արգելք կը հանդիսանան նաեւ կապի միջոցները, որոնք անկանոն կերպով կը գործեն:

Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հալէպի Մուհաֆազա թաղամասին մէջ երեք օր առաջ ամբողջ քաղաքը ցնցած պայթումէն բարեբախտաբար հայեր չեն վնասուած:

Ան աւելցուցած է, որ ընդհանուր առմամբ քաղաքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած, սակայն բախումները կը շարունակուին:

Ըստ Ռէյիսեանի, Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը այսօր նախատեսուած Երեւան-Հալէպ թռիչքին փոխարէն Երեւան-Լաթաքիա թռիչք պիտի կատարէ: