Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պուլկարացի քաղաքական գործիչ, ազգութեամբ թուրք Ահմեթ Տողանի դէմ երէկ մահափորձ կատարուեցաւ:

Տողանը հիմնադրած է ու կը ղեկավարէ «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու համար շարժում» կուսակցութիւնը, որը կը ներկայացնէ թուրք ազգային փոքրամասնութիւններու շահերը Պուլկարիոյ մէջ:

Երկրի մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ կուսակցութեան 8-րդ համագումարի ժամանակ ամպիոնէն ելոյթ ունեցող Տողանին մօտեցած է անձ մը որ ատրճանակ վերցուցած է անոր դէմ: Զինուած անձը չէ յաջողած կրակել, իսկ Տողանի թիկնապահները ծեծի ենթարկած են զայն: Քաղաքական գործիչը չէ վիրաւորուած:

Ինչպէս կը հաղորդուի, համագումարի ընթացքին Տողանը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէր, որ կը լքէ կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօնը՝ այն փոխանցելով փոխ նախագահ Լիւթֆի Մեթսանին: