Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ճանչուած եւ սիրուած հայ յօրինող, 20-րդ դարու երաժշտարուեստի մեծագոյն ներկայացուցիչ Արամ Խաչատրեանի 110-ամեայ յոբելեանը բազմազան միջոցառումներով կը նշուի այս տարի:

Յոբելենական տարին հնարաւորութիւն կուտայ ոչ միայն եւս մէկ անգամ յիշելու, հնչեցնելու խաչատըրեանական ժառանգութեան լաւագոյն նմուշները, այլեւ անոր ստեղծագործութիւններու միջոցով հանրահռչակելու հայկական մշակոյթ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, յոբելեանները լաւ առիթ են ազգովին կեդրոնանալու որեւէ անհատի թողած ժառանգութեան վրայ: «Մենք օգտւում ենք իւրաքանչիւր առիթից, հնարաւորութիւնից, որը առաւելագոյն կերպով օգտակար է հասարակական, բարոյական եւ հոգեւոր մթնոլորտի ձեւաւորման համար»,- նշեց նախարարը:

Տարուոյ ընթացքին Արամ Խաչատրեանին նուիրուած միջոցառումները կþըլլան բազմաթիւ եւ բազմատեսակ. մշակուած է նաեւ յատուկ ձեւաչափ: Կը նախատեսուի յօրինողի ծննդեան օրը՝ Յունիս 6-ին, աշխարհի բոլոր հնարաւոր երկիրներու մէջ կազմակերպել յոբելեանական համերգներ, ուր կը հնչէ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը: Թէեւ Խաչատրեանը մեծ ճանաչում ունի Հայաստանէն դուրս, այնուամենայնիւ, ըստ Յասմիկ Պօղոսեանի, հիմնականին մէջ կը կատարուին առանձին պալետներէ հատւածներ, իսկ ահա շատ արժանաւոր սիմֆոնիաները եւ համերգները կը մնան ստուերի մէջ:

Այն, որ իւրաքանչիւր յօրինող հանրահռչակման կարիք ունի, վստահ է նաեւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեանը: «Այդ խնդիրը ունի նաեւ Արամ Խաչատրեանը, եւ մենք պէտք է անենք ամէն հնարաւորը, որպէսզի հնարաւորին չափ շատ ներկայացուի անոր թողած ժառանգութիւնը: Բնականաբար թանգարանը իր մեծ ներդրումը ունի այդ հարցով»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ ան:

Թանգարանին մէջ տարուայ ընթացքին տարբեր երաժշտական երեկոներ կը կազմակերպուին՝ կապուած յոբելեանական տարուայ հետ: Հրաւիրուած տեսաբաններու մասնակցութեամբ տեղի կ'ունենայ գիտաժողով: Լոյս կը տեսնէ ֆոտոալպոմ՝ թանգարանի արխիւային նիւթերով: Կը պատրաստուի տպագրութեան «Խաչատրեանը ժամանակակիցների յուշերում» առաջին հատորը: «Նախատեսել ենք նաեւ մի հետաքրքիր նախագիծ, որի ընթացքում միաժամանակ մի համերգի ընթացքում կը հնչեն խաչատրեանական երեք համերգները՝ դաշնամուրային, ջութակի եւ թաւջութակի»,- ըսաւ Արմինէ Գրիգորեանը:

Տարին աշխուժ կ'ըլլայ նաեւ «Արամ Խաչատրեան» եռեակի համար: Առաջին յոբելեանական համերգը պիտի ըլլայ Մարտին, Չինաստան, որուն պիտի յաջորդեն շարք մը համերգներ մերձպալթեան երեկիրներու մէջ:

Տուն-թանգարանը 2012 թուականի ընթացքին ունեցած է շուրջ 14 հազար այցելու: Յոյս ունին՝ յոբելեանական տարին այցելուներու թիւը աճի: Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը հիմնադրուած է 1978 թիւին այն առանձնատան հիման վրայ, որ 1947 թ-ին Հայաստանի կառավարութիւնը նուիրած է յօրինողին: Թանգարանի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 1984 թ-ի Յունուարին, երբ աշխարհի երաժշտասէր հասարակայնութիւնը կը նշէր յօրինողի ծննդեան 80-ամեակը: Գոյութեան 30 տարիներու ընթացքին թանգարանին մէջ հաւաքուած են աւելի քան 18 հազար արժէքաւոր առարկաներ՝ լուսանկարներ, նամակներ, գիրքեր, նոտային ձեռագրեր, ստեղծագործութիւններու տարբեր հրատարակութիւններ, ֆիլմեր, ձայնագրութիւններ, անձնական իրեր, փաստաթուղթեր, ազդագրեր:

Յուշատան եւ 10 ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած բազմազան եւ բազմաբովանդակ ցուցանմուշները այցելուներուն կը ծանօթացնեն Խաչատրեանի հետաքրքրական իրադարձութիւններով լեցուն կեանքի ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը, որը իր ուրոյն տեղը ունի համաշխարհային երաժշտական գանձարանին մէջ: