Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարտ 4 - 5

Եւրոպահայերու երրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ, որուն երկրորդ մասը՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, Մարտ 4 - 5, 2013-ին։ Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ նահանգներէն եւ այլ շըրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսելի մէջ։

Առաջին նիստը, նախատեսուած է Երկուշաբթի Մարտ 4-ին: Օրակարգը  պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած  մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին Եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու  կողմէ։ Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են՝ դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազերի միացեալ ճակատին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ դրժողականութեան քրէականացումը, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։ Այս առաջին մասի պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն։

Յաջորդ օրուան, Մարտ 5-ի համագումարը Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, որ նաեւ կը կրէ Խորհըրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի՝  Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (European Popular Party, EPP)հովանաւորութիւնը, պիտի քննարկէ Եւրոպական միութեան պատասխանատուութիւնը կանխելու եւ պաշտպանելու, նիւթ ունենալով «Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնքը»։ Նաեւ պիտի քննարկուին եւ որոնուին «հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանը- կարները»։

Այս օրերուն, երբ Եւրոպական միութիւն - Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ'ունենան, Հայաստանի համարկումը եւրոպական չափանիշներուն ա՛լ աւելի կը մօտենայ, եւրոպահայերու երրորդ համագումարը յարաբերութեանց բոլորը կողմերը պիտի քըննարկէ, զրուցէ եւ առաջարկէ յառաջ երթալու նոր ուղիներ։

Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոխորհըրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոմիութենէն, եւ թէ՛ Հայաստանէն։

Գ. համագումարը կը կազմակերպուի ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին կողմէ։