Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երեք քիւրտ գործիչներու յուղարկաւորութիւնը այսօր Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին պիտի կատարուի Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, եւ շատ հաւանական է, որ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան անդամ երեք կիներու սպանութեան հարցը զանգուածային ցոյցի մը վերածուի՝ յուղարկաւորութեան անուան տակ։

Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովըրդավարութիւն կուսակցութեան Տիարպեքիրի նահանգային պետ Զիւպէյտէ Զիւմրիւթ ըսաւ, որ սպաննուած երեք կիներուն մարմինները Չորեքշաբթի  առաւօտ Փարիզէն պիտի բերուին։ Սպաննուածներուն մասին «մեր ընկերուհիները» բացատրութիւնը գործածելով՝ Զիւմրիւթ ըսաւ, որ մարմինները պիտի տարուին Պայրամօղլուի մզկիթ,ուր յուղարկաւորութեան արարողութիւն պիտի կատարուի։ Այնուհետեւ, մարմինները պիտի փոխադրուին «Պաթըքենթ» հրապարակ, ուր ատենօք կը կատարուէին Նեւրուզի            տօնակատարութիւնները։ Հոն բազմամարդ հաւաք մը պիտի կատարուի սպաննուածներուն համար։ Ապա, Սաքինէ Ճանսըզի մարմինը պիտի ուղարկուի Տերսիմ (Թունճելի), Ֆիտան Տողանի մարմինը՝ Էլպիսթան, իսկ Լէյլա Սէօյլէմէզինը՝ Մերսին։

Թուրքիոյ փոխվարչապետ ու կառավարութեան խօսնակ Պիւլենտ Արընչ յայտնեց, որ յուղարկաւորութիւնը պէտք չէ քաղաքական շահագործումներու առարկայ դառնայ։

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը Ցաւակցութիւն Կը Յղէ Քիւրտ Կին Գործիչներու Սպանութեան Առիթով

Փարիզի մէջ քրտական ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնի գրասենեակին մէջ 10 Յունուարի առաւօտեան պատահած ոճիրը ֆրանսական մամուլին կողմէ քաղաքական սպանութիւն կը յայտարարուի, յայտնեց ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան եւ նշեց, որ կատարուածը քաղաքական յստակ սպանութիւն է: Քիւրտերը մեծ ցոյցեր կը կազմակերպեն, քաղաքական իշխանութիւններէն կը պահանջեն ոճիրի արագ բացայայտում:

«Եթէ ֆրանսական իշխանութիւնները սպանութիւնները շուտ բացայայտեն, իսկ ատիկա, կը կարծեմ, կ՛ընեն, քրտական շրջանակները, բնականաբար, «պիտի բաւարարուին»: Այս ամէնուն հետեւանքները, սակայն, բաւական լուրջ պիտի ըլլան. թէժ իրավիճակ պիտի  ստեղծուի թէ՛ Փարիզի, թէ՛ այլ քաղաքներու մէջ», ըսաւ Վարժապետեան: ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը հայկական կազմակերպութիւններու հետ խորհըրդակցելէ ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ֆրանսական մամուլին մէջ, նախ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն համար, դատապարտելով այս արարքը, ատիկա որակելով թրքական պետական ահաբեկչութիւն, նաեւ պահանջելով, որ քիւրտ ու հայ գործիչներու եւ կազմակերպութիւններու պաշտպանութիւնը շատ աւելի ամուր դառնայ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ: «Շատ յստակ է, որ նոյնիսկ եթէ քրտական ներքին մաքրագործման ենթահող կու տան այս ամէնուն, ատիկա թրքական ահաբեկչութեան տարրեր կը պարունակէ», ըսաւ Վարժապետեան: