ՖՐԵԶՆՕ - Հայ Ազգային Հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի Յուշարձանը Կը Վերանորոգուի
2012 տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, անյայտ անձեր փորձած էին վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին արծիւը վար առնել
եւ այդ պատճառաւ յուշարձանին պատերուն մարմարները շարժած եւ ճեղքուած էին։ Տմարդի այս արարքի մասին Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէն տեղեկացուց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, որ որոշեց շատ արագ կերպով վերանորոգել յուշարձանը։ Ֆրեզնոյի վերոյիշեալ կոմիտէն յանձնարարեց Ալէքս Գունտաքճեանին դրամահաւաք ձեռնարկելու: Ս. Թէհլիրեանին յուշարձանը ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։ Արծիւը վերաներկուեցաւ ոսկեգոյնով, պատերուն մարմարները ամբողջութեամբ փոխուեցան ցուրտի եւ տաքի դէմ շատ տոկուն մարմարներով եւ ապահովութեան համար, անշարժ երկաթեայ անցարգելներ զետեղուեցան յուշարձանին չորս կողմը։
ՀՈԼԻՎՈՒՏ - ՀՕՄի մասնաճիւղը նուէրներ բաշխեց
ՀՕՄի Հոլիվուտի մասնաճիւղը նուէրներ ստացաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթիի կողմէ, որպէսզի անոնք բաժնուին շրջանի կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներուն: «Հայ ժողովուրդի բարեկամ Էրիք Կարսէթի առաջին անգամ չէ որ աջակցութիւն ցոյց կուտայ մեզի: Ան միշտ շրջանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՕՄին օգտակար հանդիսացած է նիւթապէս ու բարոյապէս» կÿըսուի մասնաճիւղէն: