Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, Յունուար 10-ի երեկոյեան այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք։

Նախագահին կ'ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց  պատուիրակութիւն մը: Նախագահն ու Վեհափառը առանձին հանդիպում մը ունեցան, որու ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ Կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առընչուած հարցեր:

Ապա Վեհարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ հայրապետն ու  նախագահը  ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին: Իր խօսքին մէջ, Վեհափառը  անդրադարձաւ Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ մարզերէն ներս:

Ապա Վեհափառը Կիլիկեան «Իշխան»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Խրիսթոֆիաս իր կարգին անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ապա լայնօրէն խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի կղզիին գրաւման մասին: Ան  իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան գծով, շեշտելով թէ պետութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել գրաւեալ  կալուածներու հարցը: