Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր հակամարտութիւն կը հասուննայ. Իրանի քարիւղի արդիւնաբերութեան նախարար Ռուստամ Գասեմի կտրականապէս մերժած է Ատրպէյճանի նկրտումները Սարտար Ճանկալ  քարիւղի հանքավայրին նկատմամբ:

Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am-ը՝ վկայակոչելով Rosbalt.ru-ն: Գասեմի նշած է, որ քարիւղի հանքավայրը կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ եւ կը պատկանի Իրանին: Ինչպէս ծանօթ է Սարտար Ճանկալ անունով քարիւղի հանքավայրը կը գտնուի 700 քմ խորութեան վրայ՝ Իրանի տարածքային ջուրերուն մէջ: