Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՄՈՍԿՈՒԱ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Քրասնոտարի շրջանը՝ Արմաւիր քաղաքին մէջ (հարաւային Ռուսաստան) նոր սերունդի ռատարներու՝ Voronej-DM հակահրթիռային կայան մը պիտի բացուի 2013ին: 

 

ԱՆԳԱՐԱ (1)
Թուրքիոյ սպայակոյտի նախկին պետ Իսմայիլ Քարատայը ձերբակալուած է՝ 1997ին կառավարութեան տապալման մեղսակցութեան յանցանքով: Անարիւն այդ յեղաշրջումով, նախկին վարչապետ Նեճմեթթին Էրպաքան պարտադրուած էր հրաժարման: Զօրավարը ձերբակալած են Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ եւ հարցաքննութեան համար փոխադրած՝ Անգարա։ 2012 Մայիսին վեց ուրիշ զօրավարներ արդէն մեղադրուած էին՝ նշեալ յեղաշրջումին մասնակցութեան յանցանքով։

ԱՆԳԱՐԱ (2)
12 քիւրտեր իրենց կեանքը կորսնցուցին Թուրքիա-Իրաք սահմանագծին վրայ գտնուող գիւղի մը դէմ թրքական բանակի յարձակումէն ետք: Բանակէն յայտնեցին թէ քիւրտ անջատողականներ էին զոհերը, որոնք յարձակում գործած էին սահմանագիծին վրայ գտնուող թրքական զօրանոցի դէմ:

ՆՈՐ ՏԵԼՀԻ
Լարուած կացութիւն ստեղծուած է Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ, Քաշմիրի մէջ երկու հնդիկ զինուորականներու սպանութեան դէպքի լոյսին տակ: Հնդկաստան ետ կանչեց Փաքիստանի մէջ պաշտօնավարող իր դեսպանը, բուռն բողոք ներկայացնելով: