Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նիւթական Օժանդակութեանց Յատկացում

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, թէ «Հալէպահայ օգնութեան շտապը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն, բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին շտապին, յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն՝ հիմնուած ընտանեկան

տետրակին վրայ, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրելով 4000 սուրիական ոսկի»:
«Արդէն իսկ անցնող 3  օրերուն ընթացքին 5000-է աւելի ընտանիքներ օգտուեցան այս օժանդակութենէն», աւելցուց Ժ. Ռէյիսեան:
Յայտնենք, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին եւս այլազան առիթներով Հալէպահայ օգնութեան շտապը կը հասնէր հալէպահայերու զանազան կարիքներու բաւարարման:

ՄԱԿ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
Սուրիոյ Զոհերուն Թիւը 60 Հազարը Անցած է

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ղեկավար Նավի Փիլայ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը շրջանցած է 60 հազարը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռոյթըրզ գործակալութիւնը։ Աղբիւրին համաձայն,  տուեալները վերլուծելէ եւ կրկնուած անունները ճշգրտելէն ետք յստակ դարձած է, որ զոհերուն թիւը նուազագոյնը 60 հազար է: Նկատի առնուած է 2011-ի Մարտ 15-էն մինչեւ 2012-ի Նոյեմբեր 30 ժամանակաշրջանը (59648 զոհ):