Պուխարեստ
Վ. Ոսկանեան Ռումանիոյ Տնտեսութեան Նախարար
Ռումանիոյ խորհրդարանը հաստատած է Վիքթոր Փոնթայի կառավարութեան նոր կազմը, որուն մէջ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնը վստահուած է Վարուժան Ոսկանեանին: Ոսկանեանի ենթակայութեան տակ պիտի ըլլան նաեւ ուժանիւթի եւ փոքր ու
միջին ձեռնարկատիրութեանց, գործարար միջավայրի ու զբօսաշրջութեան երկու նախարար-պատուիրակները:
Ռումանահայ համայնքը հպարտ է Վարուժան Ոսկանեանի նշանակումով: «Մեր կարծիքով՝ այսօր ան Սփիւռքի ամենակարող անհատներէն է՝ մէկը, որ հասած է շատ բարձր դիրքերու եւ կը ներկայանայ իբրեւ ողնածուծով հայ», ըսած է նոյն համայնքի ղեկավարներէն մէկը:
Հաւատարիմ ըլլալով իր հայկական արմատներուն, լեզուին, մշակոյթին եւ հաւատքին՝ Վարուժան Ոսկանեան, հանրային կեանքի մէջ կ՛ընկալուի իբրեւ ռումանացի գործիչ, ռումանական արժէքներու եւ շահերու պաշտպան:
Խորհրդարանին մէջ, երդմնակալութեան ժամանակ, ան ռումաներէնին զուգահեռ երդուած է նաեւ հայերէնով: Վարուժան Ոսկանեան երկրորդ անգամն ըլլալով կը դառնայ նախարար: 54ամեայ Ոսկանեանը Ռումանիոյ յայտնի քաղաքական գործիչներէն է:
Եղած է Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր ու Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի նախագահ՝ ներկայացնելով հայերը: 2004էն մինչ այսօր, Ոսկանեան ծերակուտական էր եւ նախկին Ծերակոյտի տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ ծառայութիւններու յանձնաժողովի նախագահ: Միաժամանակ, ան Ռումանիոյ Հայոց միութեան հիմնադիրներէն է եւ անոր նախագահը:
Քաղաքական-հասարակական գործունէութեան զուգահեռ՝ Վարուժան Ոսկանեան ճանչցուած ռումանագիր գրող է՝ Ռումանիոյ գրողներու միութեան առաջին փոխնախագահը: Անոր գրական գործերէն են բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ՝ «Կապոյտ Շամանը» (Samanul albastru-1994), «Թագուհիի սպիտակ աչքը» (Ochiul cel alb al reginei-2001), «Հազարաթեւ Յիսուսը» (Iisus cu o mie de brate-2005), ինչպէս նաեւ՝ «Քոմանտորի արձանը» (Statuia comandorului-1994) պատմուածքներու ժողովածուն, որուն համար արժանացած է Պուխարեսթի գրողներու ընկերակցութեան մրցանակին:
Սթրազպուրկ
ԱՒՍՏՐԻԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՍԷԼԷՔԻՆ
Սթրազպուրկի համալսարանի վերատեսուչը՝ Ալէն Պէրէց, յայտնած է, թէ իր ղեկավարած բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը զօրակից է Փընար Սէլէքին: Սէլէք թուրք այն ընկերաբանն է, որ թրքական արդարադատութեան կողմէ՝ բանտարկութեան ծանր պատիժի մը սպառնալիքի ենթակայ է: Ծանօթ՝ որպէս մարդկային իրաւանց թունդ պաշտպան, ֆէմինիստ, արդէն երկու տարի բանտարկուած է՝ 1998ին մերժելէ ետք մատնութիւններ կատարել՝ ի նպաստ ոստիկանութեան, որ կþուզէր իմանալ անոր հետազօտութիւններուն սեռափոխ կամ քիւրտ հերոսներուն բուն ինքնութիւնը: Սէլէք կը պատրաստէ տոքթորութեան իր աւարտաճառը Սթրազպուրկի համալսարանին մէջ: Վերջերս կրկին շինծու դատավարութենէ մը երեք անգամ օձիքը փրկելէ ետք՝ ճանկերուն մէջ ինկած է Բեկանիչ ատեանին, ինչ որ միջազգային իրաւագիտութեան մէջ աննախընթաց պարագայ մըն է: Կրկին պիտի դատուի Յունուար 13ին:
Փարիզ
ՏԷՎԷՃԵԱՆ-ՍԱՐՔՈԶԻ՝ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԻ ՊԱ՞ՀԸ
Երեսփոխանական ընտրութեան իր յաջողութենէն հազիւ երեք օր ետք՝ Դեկտեմբեր 19ին, Փաթրիք Տէվէճեան «Ֆրանս-Էնթէր» ձայնասփիւռին հարցազըրոյց մը տուած ու բացասական արտայայտութիւններ ունեցած է Սարքոզիի հանդէպ: Ծանօթ է, որ այս վերջինը, 2011ի սկզբին, իրմէ պահանջած էր քաշել Հօ-տը-Սէն նահանգի Ընդհ. Խորհուրդի նախագահի թեկնածութիւնը՝ բաց ասպարէզ թողելու համար իր տղուն, ինչ որ մերժուած էր Տէվէճեանի կողմէ:
Արտայայտուելով UMP-ի նախագահութեան հարցին բերումով ծագած պառակտումին եւ յարակից զարգացումներուն մասին՝ Տէվէճեան ըսած է, թէ պահը եկած է «սարքոզիզմ»ի էջը դարձնելու: «Պէտք է որ այլեւս UMP ի՛նք իր ճակատագիրը որոշէ առանց սուրճի մրուրին մէջ փորձել կարդալու թէ արդեօք ի՞նչ կը մտածէ Սարքոզի», ըսած է ան: Խուսափելու համար գործուած սխալները կրկնելէ՝ Տէվէճեան յանձնարարած է կատարել անոնց վերլուծումը՝ նախքան որ ուրիշները կատարեն հաշուեկշիռը:
ՓԱՐԻԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ
ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ
Փարիզի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մատենադարանի դռները այսուհետեւ բաց պիտի ըլլան նաեւ հանրութեան առջեւ: Մատենադարանը տէր է հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն՝ աւելի քան 6.000 գիրքերու: Ունի նաեւ թերթերու հաւաքածոներ, որմազդեր, քարտէսներ, օրացոյցներ, ծողովածոներ, փաստաթուղթեր եւլն.: Մատենադարանին տնօրէնն է Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեան:
Կարելի է տեղեկութիւններ ստանալ հետեւեալ կայքէջէն՝ http://www.bibliotheque-eglise-armenienne.fr/