Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող հայաշատ Քեսապի շրջակայքը 26 Դեկտեմբերին հրթիռներ ինկած են՝ ահ ու սարսափ պատճառելով շրջանի բնակիչներուն։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցուած են հալէպահայերու Facebook-ի (Դիմատետրի) էջէն։ Քեսապի հայրենակիցները

կը տեղեկացնեն, որ բարեբախտաբար հրթիռները թիրախին չեն հասած եւ ինկած են լերան վրայ։
Հալէպի իրավիճակին մասին խօսելով՝ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ թէեւ Հալէպի մէջ կացութիւնը գոհացուցիչ չէ, սակայն անիկա չէ վատթարացած։ Ըստ անոր, վառելանիւթի սակը կը շարունակէ բարձրանալ, կրակոցներու ձայներ կը լսուին ծայրամասերէն, սակայն կեդրոնական թաղերուն մէջ որոշ չափով խաղաղութիւն կը տիրէ։

Դպրոցներուն Մէջ Դասերը Բնականոն Կը Շարունակուին

Ռէյիսեանի համաձայն, Հալէպի մէջ հայկական դպրոցներուն մէջ դասերը կարելի եղածին չափ բնականոն կը շարունակուին, որդեգրուած է խտացեալ դասընթացք, որպէսզի կարճ ժամանակուան մէջ կարելի ըլլայ ամէն բան սորվիլ:
Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանը շնորհակալական ուղերձ յղած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին՝ սուրիահայութեան հարիւր հազար տոլարի օգնութիւն տրամադրելուն համար: Ուղերձին մէջ այդ քայլը նկատուած է ազգանուէր արարք: Գումարը պիտի բաժնուի Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու կարիքաւոր հայերուն:
Դամասկոսի մէջ վերջին օրերուն կացութիւնը հանդարտ է, սակայն Նոր տարուան մթնոլորտ գոյութիւն չունի։ Պապ Թումա քրիստոնէական թաղամասին մէջ պատկերը տխուր է, լուսաւորում չկայ, ամայութիւն կը տիրէ:
Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքը քանի մը օր առաջ միաձայնութեամբ համայնքապետ ընտրած է վերապարտուելի Յարութիւն Սէլիմեանը: