![]()

Տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման 20-ամեակին նուիրուած նամականիշի մարման պաշտօնական արարողութիւնը:
Նամականիշը մարեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գագիկ Գրիգորեանը, «Հայփոստ» թրասթ-ի կառավարող տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեանը, «Հայփոստ» ՓԲԸ տնօրէնի պաշտօնակատար Հայկ Աւագեանը:
Նամականիշին վրայ պատկերուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20-ամեակի խորհրդանիշը, իսկ յաւերժութեան նշան կազմող օղակի մէջ նշուած են այն պետութիւնները, ուր կը գտնուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցչութիւնները, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը՝ հայելաձեւ արտայայտմամբ: Խորապատկերին ներկայացուած է աշխարհի քարտէսը: