Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Գաղութի պատմամշակութային յուշարձաններու մեծ մասը նուիրուած է Ապրիլեան Աղէտին: Սուրիոյ տարածքին կը գտնուին 22 յուշարձաններ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ նահատակներուն

(ներառեալ Ազգային գերեզմանատան Ապրիլեան Մեծ Եղեռնին եւ Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն (1994) եւ Հնչակեան քսան կախաղաններուն նուիրուած յուշարձանները (2004), Տարօն աշխարհի եւ շրջակայքի նահատակներու նուիրուած որմնաքանդակը (1996), Մարաշի, Զէյթունի աղէտներուն նուիրուած քանդակներ:

Սուրիոյ հայ համայնքը բնակչութեան ապահովութեան եւ համայնքային կառոյցներու պահպանութեան կողքին կը դիմագրաւէ նաեւ մշակութային իր գանձերու պահպանութեան հարցը:
Եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ  կանգնեցուած են Ապրիլեան յուշակոթողներ, ինչպէս նաեւ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յուշակոթողը, որ նուիրուած է 1988ի աղիտալի երկրաշարժին, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջափակի որմնաքանդակը նուիրուած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ հայոց Այբուբենին (1997), Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի խաչքար-աղբիւրը (2002), Ռաս Ուլ Այնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակի յուշակոթող-աղբիւրը նուիրուած հայ-արաբ բարեկամութեան (2010), Դամասկոսի Ս. Սարգիս վանքի շրջափակի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը (1991-1992-եւ 1700ամեակի նուիրուած յուշարձան-աղբիւրը (1996) եւ շարք մը կիսանդրիներ:
Հալէպի մէջ առանձին նշանակութիւն ունի ազգային գերեզմանատունը: Հալէպի մէջ հայերը ունեցած են երեք անջատ գերեզմանատուներ, որոնցմէ առաջին երկուքը պատմականօրէն աւելի արժէքաւոր են. առաջին եւ հնագոյնը՝ ԺԴ դարէն մինչեւ ԺԶ դարու վերջին քառորդը 1579-ին գտնուած է Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջանը: Կաթողիկոսներու եւ առաջնորդներու դամբարանները կը գտնուին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հնադարեայ մատուռին մէջ: Այս հնագոյն գերեզմանատան արժէքաւոր խաչքարերուն մէջ կարեւոր մասը զետեղուած է եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին պատերուն վրայ, ուր կը մնայ առ այսօր:
1579էն սկսեալ համայնքի երկրորդ գերեազմանատունը գտնուած է Ազիզիէ թաղամասին մէջ, որպէս քրիստոնէական ընդհանուր գերեզմանատան մէկ բաժին:
1927ին Հալէպի քաղաքապետարանի որոշումով, հայոց գերեզմանատունը եւս փոխադրուած է Շէյխ Մագսուտի շրջան, ուր փոխադրուած են տապանաքարերը:

Արխիւային նիւթեր

Արխիւային նիւթերը ընդհանրապէս կը կազմեն մշակութային ժառանգութեան մը կարեւորագոյն տարածքներէն մէկը: Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւատունը կ'ըդնգրկէ Սուրիոյ հայ համայնքի եւ մասնաւորապէս թեմի պատմութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի փաստաթուղթեր, հաւաքածոներ, որ հաւաքուած են 1915էն ետք:
Բաւական հարուստ է նաեւ գաղութի յուշամատեաններու վաստակը, երբեմն անհատական հրատարակութիւնները: Գրադարաններ կը գործեն հայկական միութիւններու եւ վարժարաններու կառոյցներէն ներս: 10.000 գիրքերէ աւելի կեդրոնացած են Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս հիմնուած ազգային Կեդրոնական Գրադարանին մէջ: Անոնց 60%ը դասաւորուած է, ընթացքի մէջ է նաեւ մամուլի հաւաքածոներու դասաւորումը:

Սուրիահայ մամուլ

Սուրիահայ մամուլը եւ ի մասնաւորի հալէպահայ մամուլը, ցարդ լոյս տեսած շուրջ 125 թերթերու վաստակով, ուրոյն տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ: Ներկայիս Ազգային Առաջնորդարանի «Գանձասար» պաշտօնաթերթը կը հանդիսանայ Սուրիոյ միակ հայ թերթը:
Խիստ համառօտ գիծերու մէջ կատարուած է վերեւի ներկայացումը, որպէս հիմք օգտագործելով «Մարմարա»ի մէջ տոքթ. Հուրի Ազէզեանի լայնածաւալ աշխատանքը:
Սուրիոյ հայ գաղութի նուիրական աւանդը եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու գործը բոլորի ուսերուն վրայ կ'իյնայ: Համայնքի ուժականութիւնը պահպանելու երաշխիքը բոլոր հայութեան պարտքն է:


ՍՈՒՐԻՈՅ  ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ԳԱՆՁԵՐԸ  ԿԸ  ԹԱԼԱՆՈՒԻՆ

Միայն հայկական գանձերը չեն անշուշտ որ վնասուելու կամ կորսուելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին: UNESCO-ի պատասխանատուները դիտել տուած են թէ Սուրիոյ մէջ 10 թանգարաններ վնասուած են ներքին պատերազմէն, եւ անոնցմէ չորսը շատ ծանր վնասներ կրած են: Հալէպ քաղաքին մէջ այլ մշակութային շատ կարեւոր ժառանգութիւններ անհետացած են: Լուրջ վնասներու ենթարկուած են Հալէպի Բերդը, Փակ Շուկան, Զէքէրրիյա մզկիթը եւ այլ յուշարձաններ: Պատերազմական վիճակէն օգտուող պատեհապաշտներ Սուրիոյ պատմական հնութիւնները սկսած են փախցնել դէպի Լիբանան, Ֆրանսա, Թուրքիա եւ Իրան, որպէսզի գաղտնի շուկաներու մէջ անոնք վաճառուին: Հակառակ որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ժխտեցին այս պնդումները ու յայտարարեցին թէ այդպիսի կորուստ չկայ, UNESCO-ի պատասխանատուները գոհացուցիչ չնկատեցին այդ յայտարարութիւնները:


ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՅ

Թրքական Քիլիս քաղաքի սահմանին վրայ սուրիացի գաղթականներ թուրք սահմանապահներէն մուտք գործելու արտօնութիւն կը խնդրեն: Քաղաքին մէջ արդէն ապաստանած են 21.000 գաղթականներ եւ պայմանները սկսած են դժուար դառնալ բոլորին համար: Հաց չկայ, ելեկտրականութիւն չկայ, ոչ ալ ջուր, ինչպէս «Ռոյթըրզ»ին կը յայտնեն գաղթականները:
Ցուրտ օդը, ցած ջերմաստիճանները եւ չդադրող անձրեւը դժուար կը դարձնեն գաղթականներու առօրեան, որոնք վրաններու մէջ բաւարար ձեւով պատսպարուած չեն:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ պատերազմի 21 ամիսներուն ընթացքին աւելի քան երկու միլիոն սուրիացիներ ստիպուած եղած են հեռանալու իրենց բնակած վայրերէն: Շատեր մեկնած են արտասահման, ուր անոնք եւս ծանր պայմաններու մէջ կ'ապրին: