Աւստրիայի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Երիտասարդական միութեան հրաւէրին ընդառաջելով ՀՅԴ Երիտասարդականը երկու հոգով մասնակցեցաւ միութեան Ընդհանուր ժողովին, որը տեղի ունեցաւ թուականիս Դեկտեմբեր 8-9-ին մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչներն էին Կարապետ Շատոյեանը եւ Լենա Հովիւեանը։
Ժողովին կը մասնակցէին 300 պատուիրակներ Աւստրիայի տարբեր շրջաններիէ եւ այլ երկիրներէ։ Ներկայ էին կուսակցութեան պատասխանատուներ։
Միութեան շրջանաւարտ վարչութիւնը հանդէս եկաւ նիւթաբարոյական գործունէութեան զեկոյցով։ Այնուհետեւ քննարկուեցան օրակարգային հարցեր, ինչպէս՝ օտարերկրացիներու քաղաքացիութիւն, երիտասարդներու համար աշխատատեղեր, ուսանողներու եւ կիներու իրաւունքներ, եւայլն։
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար, այն համարելով երկու միութիւններու միջեւ հետագայ համագործակցութեան խորացման նոր սկիզբ եւ ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին վրայ, մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէ, նշելով, որ Աւըս-տրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ այլ տեսակի փոխ յարաբերութիւնները պատճառ պէտք չէ դառնան, որ մոռացութեան տրուի արդարութիւնը։
Երկուստեք հանդիպման ժամանակ Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Երիտասարդական միութեան պատասխանատուները փափաք յայտնեցին շարունակել եւ ընդլայնել համագործակցութիւնը ՀՅԴ Երիտասարդականի հետ։