Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Եւրոպան այլեւս պառակտումի եւ ճգնաժամի պատկեր չի ներկայացներ» կ'ըսէ Ֆրանսուա Հոլանտ

Պրիւքսելի մէջ անցնող շաբաթավերջին գումարուած եւրոպական գագաթնաժողովին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, 2013ի իր մաղթանքը արտայայտած է, նշելով թէ «աւելի համերաշխ, աւելի հզօր, իր ուժերուն հաւատացող Եւրոպա մը կ'ուզեմ տեսնել»: Ան աւելցուցած է թէ անցեալին կը պատկանի Եւրոպայի պառակտումի եւ ճգնաժամի պատկերը, իսկ 2012ի լաւ աշխատանքի արդիւնքները վստահութեամբ պէտք է ակնկալել 2013ի մէջ:
«Բազմաթիւ որոշումներ առինք, դրամատնային վերահսկողութեան սկզբունքներ ճշդեցինք, Յունաստանի դիմագրաւած ճգնաժամի բարդ խնդիրներ լուծելու մեր կարողութիւնը ապացուցեցինք: Հիմա կը ձգտինք ամրապնդել Տնտեսական եւ Արժութային միութիւնը, որ կ'ակնկալենք 2013ի մէջ կատարել»:
Եւրոպական գագաթնաժողովի 27 երկիրներու ներկայացուցիչները ուսումնասիրեցին եւրոգօտիի ամրապնդման քաղաքականութեան ուղղուած քայլեր: Քննարկումներու աւարտին, անոնք լիազօրեցին Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպայն՝ գործողութիւններու նախագիծ մը մշակել ու մինչեւ Յունիս ներկայացնել:

«Եւրոյի գօտիին մէջ ծանր բարեփոխումներ եւ գործազրկութեան մեծ ցուցանիշ կը սպասուի» կ'ըսէ Մերքել

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու երկօրեայ վեհաժողովին աւարտին լրագրողներուն յայտնած է, որ եւրոյի գօտիին մէջ հիւանդագին բարեփոխումներ եւ գործազրկութեան բարձր մակարդակ կը սպասուի: Ան ողջունած է դրամատնային վերահսկողութեան մեքանիզմի ստեղծման շուրջ համաձայնութեան գալու որոշումը, ինչպէս նաեւ Յունաստանին տնտեսական օգնութեան տրամադրումը, սակայն լաւ ժամանակներու նախատեսութիւն կատարած ատեն զգուշաւոր եղած է:
Ըստ Մերքելի,  եւրոյի գօտին տակաւին քանի մը տարի աշխատանքային շուկայի զարգացման պտուղները պիտի չտեսնէ, այդ պատճառով ալ 2013-ը եւրոյի գօտիի երկիրներուն համար անցնող տարիէն ոչ նուազ խնդրայարոյց պիտի ըլլայ: «Յաջորդ տարի, այս մասին նաեւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան կառավարիչը պատմած է, մենք պիտի ունենանք տնտեսական աճի շատ ցած կշռոյթներ, իսկ որոշ երկիրներու մէջ՝ ընդհանրապէս բացասական»: