Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իսրայէլի մէջ կը բնակին շուրջ 155 հազար քրիստոնեաներ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան 2%ը

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի մէջ անծանօթներ յոյն ուղղափառներու Ս. Խաչ վանքի պատերուն վրայ եւ հայոց գերեզմանատան մուտքի դրան վրայ հակաքրիստոնէական գրութիւններ ձգած են:

Ս. Խաչ վանքի վանահայր Քլաւտի յայտնած է, որ անծանօթ անձեր պատերուն վրայ գրած են քանի մը կարգախօս, օրինակ՝ «Մա՛հ քրիստոնէութեան»: Ըստ վանահօր, բարբարոսները արդէն 7-րդ անգամն է, որ պղծած են վանքը: Բացի ատկէ, անոնք ծակած են վանքին մօտ կանգնած երեք ինքնաշարժներու անիւները եւ ինքնաշարժներուն վրայ գրած. «Երջանիկ Հանուքա» (հրեաները այժմ այդ տօնը կը նշեն) գրութիւնը:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու բարբարոսները անուանած է անբարոյ մարդիկ: Կ՛ենթադրուի, որ այդ արարքներուն ետին կանգնած են աջ ծայրայեղականներ:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութեան սկսած է: