Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դեկտեմբեր 9ին, երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն, Հօ-տը-Սէն նահանգի 13րդ ընտրատարածքին մէջ (Անթոնի, Պուռ-լա-Ռէն, Շաթնէ-Մալապրի եւ Սօ) երկրորդ անգամ դէմ դիմաց կ’ելլէին UMP-ի ներկայացուցիչ, Հօ-տը-Սէնի Ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան եւ Արմատական կեդրոն շարժումէն (MRC), շըվէնմանական՝ Ժիւլիէն Լանտֆրիտ:

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ՝ այս վերջինին բողոքը ընդունուած էր Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:
Այս անգամ եւս, Տէվէճեան յաղթած է իր գլխաւոր մրցակիցին, ձայներու շուրջ 49,8%ով: Սակայն այս արդիւնքը չէ բաւած Ա. շրջանէն ընտրուելու, քանի հարկ էր գերազանցել 50%ի սահմանը: Լանտֆրիտ ալ ստացած է 32,52%: Մնացեալ ձայները բաժնուած են Ձախի ճակատին եւ Ազգային ճակատին ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Ուրեմն, Տէվէճեանի եւ Լանտֆրիտի միջեւ տեղի պիտի ունենայ Բ. շրջան մըն ալ՝ Դեկտեմբեր 16ին, որու յաղթականը պիտի ընտրուի երեսփոխան:
Նշենք նաեւ, որ Ֆրանսայի թրքական լոպին ձեռնարկած էր հակա-Տէվէճեան սանձազերծ արշաւի մը՝ որպէս միակ նպատակ ունենալով ձախողեցնել անոր ընտրութիւնը: