Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ծիրէն ներս, ան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ի եւ քոյր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ:


Ողջունելով ներկաները՝ վարչապետը յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ եւ ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս կը մտածենք մեր ապագայի մասին: «Մենք ունինք տասնեակ մը չլուծուած խնդիրներ, որոնք դուրսէն աւելի լաւ կ՛երեւին, քան ներսէն, բայց ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ այդ խնդիրները կարեւոր չեն եւ լուծման կարիք չունին: Միեւնոյն ժամանակ ժողովուրդը շատ խստապահանջ է եւ մայր հայրենիքէն կը պահանջէ, որ այդ խնդիրները լուծուին ըստ կարելւոյն շուտ եւ արագ: Մէկ կողմէն իշխանութեան համար դժուար է, որովհետեւ ճնշումը շատ մեծ է, բայց միւս կողմէն՝ ես ուրախ եմ, որովհետեւ այդ դժգոհութիւնը, քննադատութիւնը կը նշանակէ, որ մենք ունինք շատ մեծ ներուժ, պիտի քալենք այդ փոփոխութիւններուն ճամբով եւ պիտի հասնինք յաջողութեան»:
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ թէ ընդունելութեան ժամանակ,  վարչապետը ՀՅԴ-ի եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան իրականացուցած աշխատանքները, բարեփոխումները, ծրագրուած ընելիքներն ու տեսլականը:
Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան պատասխանեց ներկաները հետաքրքրող բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին առողջապահութեան, ընկերային մարզին, փտածութեան, Արցախի բանակցային հոլովոյթին եւ սուրիահայութեան:
Նախապէս, Հայաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիյարակոսայի հետ, ՀՅԴի դասաւորումով:

Տիգրան Սարգսեան կը հանդիպի
Լոս Անճելըսի քաղաքապետին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8ին հանդիպում մը ունեցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսայի հետ:
Ողջունելով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետը ներկայացուցած է եւ յոյժ կարեւոր նկատած է հայերու ներգրաւուածութիւնը քաղաքի կեանքին մէջ:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Սարգսեանն ու Վիարայկոսա քննարկած են նաեւ համագործակցութեան հեռանկարները եւ համաձայնութիւն գոյացուցած են կազմելու համատեղ աշխատանքային խումբ մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ համագործակցութեան ծրագիրներ մշակել:
Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, Լոս Անճելըսի քաղաքապետի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն, ինչպէս նաեւ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները: