Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 28-ին: Մրցանակը ստանալու համար Հոլանտայի Այնտդհովըն քաղաք մեկնած էին «Կուրճիեւ» համոյթի ներկայացուցիչներ Էմմանուէլ Յովհաննիսեանը, Նորայր Գաբոյեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Էսկենեանը

«Մեզի համար մեծ պատիւ էր նման մրցանակի արժանանալը: Ասիկա մեզի նոր ստեղծագործական լիցքեր հաղորդեց: Ան նաեւ մեծ առիթ էր Կուրճիեւը եւս մէկ անգամ միջազգային մակարդակով ներկայացնելու համար»,-  ըսած է Հոլանտայէն նոր վերադարձած Լ. Էսկենեան:
Անոր խօսքերով, մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ համերգային կատարմամբ ելոյթ ունեցած են տուտուկահար Էմմանունել Յովհաննիսեանն ու Նորայր Գաբոյեանը՝ յուզելով ներկաները:
«Տուտուկը պարզապէս բացառիկ ընդունելութեան արժանացաւ, ան նաեւ ներկաներուն մօտ հետաքրքրութիւն առաջացուց հայկական երաժշտութեան հանդէպ: Տուտուկի կատարմամբ Կուրճիեւի երաժշտութիւնը, վստահ եմ՝ յուզեց ներկաներուն իւրաքանչիւրը, եւ ատիկա կը վկայէին երկար ժամանակ չլռող ծափահարութիւնները»,-պատմած է ան:
Մրցանակը աննախադէպ յաղթանակ է, քանի որ «Edison Award»-ը կը հանդիսանայ աշխարհի 4 ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկը եւ իր հեղինակութեամբ ու կարեւորութեամբ կը համեմատուի ամերիկեան «Grammy Award», գերմանական «Preis der Schallplattenkritik» եւ ֆրանսական «Victoire» երաժշտական մրցանակաբաշխութիւններու հետ: Այս մասին կը վկայէ թէկուզ այն փաստը, որ 1960 թուականին ստեղծուած այդ մըրցանակաբաշխութեան պատուոյ կոչումներուն արժանացած են այնպիսի հեղինակաւոր ստեղծագործողներ, ինչպիսիք են համաշխարհային երաժշտարուեսի պսակ  հանդիսացող արուեստագէտներ Շառլ Ազնաւուր, Մայլս Տէյվիս, Էմիլոու Հարրիս, էրիք Քլեփթըն, Պոպ Ճէյմս, Ֆիլ Քոլինս, Ռայ Քուտըր, Սթիւի Ուանտըր, Ռոպի Ուլիըմս, Վալերի Կերկիեւ, Եւկենի Կիսին, Կլաուտիօ Արաուն, Փիեռ Պուլեզ եւ այլք: Մրցանակաբաշխութիւնը կ’առաջնորդուի ամենաբարձր չափանիշներով՝ մրցանակներ շնորհելով միայն «բացառիկ արժէք ներկայացնող ձայնասկաւառակներու»:
Յիշեցնենք, որ  յաղթանակած ձայնասկաւառակը,”Music of Georges I.Gurdjieff” The Gurdjieff Folk Instruments Ensemble-Levon Eskenian », որ կը  ներկայացնէ  հայազգի փիլիսոփայ, երաժիշտ, պարուսոյց, գրող Կ. Ի. Կիւրճիեւի երաժշտութեան ժողովրդական   գործիքներու համար կատարուած մշակումներ, թողարկուած է 2011 թուականի Յուլիսին՝  գերմանական հեղինակաւոր «ECM Records» ընկերութեան կողմէ:
Էտիսընի մրցանակը հրատարակութեան միակ յաջողութիւնը չէ, քանզի թողարկման օրուընէ  ան բազմիցս արժանացած է տարբեր մրցանակներու, երաժշտական աշխարհի ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մամուլի ամենաբարձր գնահատանքին:
2012 թուականին Հայաստանի «Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան»՝ ալպոմը ճանչցուած է իբրեւ տարուան լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ, իսկ հրատարակութեան մասին ակնարկներ եւ յօդուածներ յայտնուած են այնպիսի հեղինակաւոր պարբերականներու էջերուն, ինչպիսիք են՝ «BBC Music Magazine», «The Guardian», «The Financial Times», «The Independent», «USA National Public Radio», «NPR Music», «Mitteldeutsche Zeitung», «L’Unita», «LA LIBERT», «The Wire» : Առաւել, Աւստրալիոյ պետական ձայնասփիւռը՝ «ABC»-ն Սեպտեմբեր2011-ի ձայնասկաւառակը ճանչցած է շաբաթուան լաւագոյն ալպոմ, իսկ Յունուար 2012-ին  ամերիկեան «Q2» դասական երաժշտութեան ձայնասփիւռի  ընկերութիւնը զայն անուանած է շաբաթուան լաւագոյն  CD-ալպոմ:
Ձայնասկաւառակին մէջ Կուրճիեւի մեղեդիները կը հնչեն կատարմամբ Կուրճիեւի անուան ժողովըրդական նուագարաններու խումբի, որ հիմնադրուած է 2008-ին Լեւոն Իսկէնէանի կողմէ: Նուագախումին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի լաւագոյն  երիտասարդ կատարողներ:
Այս տարուայ գարնան վերջաւորութեան ձայնասկաւառակը ներկայացուեցաւ նաեւ Յունաստանի մէջ (օրին անդրադարձած էինք թերթով), իսկ համոյթը շրջագայեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հանդէս գալով հեղինակաւոր բեմերէ:

http://www.edisons.nl/jazz/nieuws/winnaars-edisons-jazzworld-bekend