Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացաւ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս անգամ մրցանակակիրը ոչ թէ հասարակական կամ քաղաքական գործիչ մըն էր, այլ ամբողջ կազմակերպութիւն մը։
Մրցանակը յանձնուեցաւ Եւրոպական Միութեան, որը ստանձնեցին Քոմիսիոնի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն, Եւրոպական խորհրդարանի ղեկավար Մարթին Շուլցը ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպայ։
Նախապէս, Նոյեմբերի կիսուն, Պարոզօ յայտարարած էր, որ մրցանակային գումարը՝ 930 հազար եւրօ, Եւրոպական Միութիւնը պիտի փոխանցէ հակամարտութիւններէ տուժած երեխաներուն։
Նոպելեան յանձնաժողովը Խաղաղութեան մրցանակը Եւրոպական Միութեան շնորհած էր Հոկտեմբերին՝ յայտարարելով, որ կազմակերպութիւնը «Եւրոպան պատերազմական մայրցամաքէ վերածեց մէկ մայրցամաքի, ուր կը տիրէ Խաղաղութիւնը»:
Սակայն բոլորը չէ, որ համաձայն են կայացած ընտրութեամբ։ Մրցանակի յանձնումը տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյցերու եւ ելոյթներու լոյսին տակ: Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր մասնակիցներ Օսլոյի մէջ հաւաքուեցան, բողոքելով որոշումին դէմ: