«ՄԻԿնիուզ» կայքէջը յղում կատարելով իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, կը յայտնէ, որ Իրանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Իրանի հետ Ատրպէյճանի սահմանին երկայնքին կը սաւառնին իսրայէլեան եւ Իսրայէլի թեքնիք աջակցութեամբ Ատրպէյճանի մէջ պատրաստուած առանց օդաչուի թռչող սարքեր:
Իրանեան լրատուամի- ջոցը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան Իսրայէլէն գնած է «Հերմես-450» տիպի տասը առանց օդաչուի թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի աջակցութեամբ հիմնած է գերթեթեւ «Օրպիթըր» տիպի հետախուզական առանց օդաչուի թռչող սարքերու արտադրութիւն:
Իրանեան պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեանց համաձայն, Ատըրպէյճանէն թռիչք առնող առանց օդաչուի թռչող սարքերը կապուած են «իսրայէլեան համաշխարհային արբանեակային լրտեսական ցանցին»:
Ըստ «ՄԻԿնիուզ»-ի, իրանցիները նաեւ կը պնդեն, որ Ատրպէյճան նշեալ սարքերը կ՛օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար: