Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանի  Հանրապետութեան  Նախագահ Սերժ  Սարգսեանի  Պատմական  Այցելութիւնը Հայկազեան  Համալսարան

 Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան արուեստի ցուցասրահին մէջ ՀՀ նախագահը ծանօթացաւ համալսարանի 57 տարիներու պատմութեան, լուսանկարներու միջոցով: Նախագահ Սարգսեան Յիշատակի Արձանագրութիւն մը կատարեց ոսկետոմարին մէջ նշելով թէ «Հայկազեան համալսարանի ուսումնատենչութիւնը եղել է հայապահպանութեան եւ հայ ժողովուրդի  բարգաւաճման կարեւորագոյն գրաւականներից մէկը»:

Լիբանան կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրէն ներս, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն եւ Հայկազեան համալսարան:
Հանդիպումներուն ներկայ եղաւ նաեւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը:


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին  Հայկազեան համալսարան:

Համալսարանի մուտքին, նախագահ Սարգսեան եւ պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տոքթ. Փօլ Հայտօսթեանի կողմէ ու առաջնորդուեցան Մուկար շէնք:
Նախագահ Սարգսեանին յանձնուեցան Հայկազեան համալսարանի խորհրդանշաններ՝ լոյսը, Արարատը, կրթութիւնը, Մայրիի Ծառը:
Հուսկ, ՀՀ նախագահը ուղղուեցաւ հանդիսասրահ, արտասանելու նախագահական խօսքը՝  Հայկազեան եւ այլ համալսարաններու հայ եւ օտար ուսանողութեան:
Բարիգալուստի իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փօլ Հայտօսթեան ըսաւ. «Հայկազեան համալսարանը վերածնունդ կ՛ապրի այսօր ձեր այցելութեամբը: Իրօք, եթէ համալսարանը հիմնուած էր հայ ժողովուրդի նահատակ Արմենակ Հայկազեանի յիշատակին, եւ ի շահ նոր սերունդներու բարձրորակ եւ բարձրագոյն կրթութեան, այսօր պատմութիւնը նոր լիցք կը ստանայ երբ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կ՛այցելէ այս իւրայատուկ հաստատութիւնը:
Մենք պատիւ կը ստանանք ձեր եւ ձեր բարձրաստիճան պատուիրակութեան ներկայութեամբը եւ կը նորոգենք մեր ազգօգուտ եւ Աստուածահաճոյ մեր առաքելութեան գիտակցութիւնը»:
Ան հաւաստեց թէ՝ «Հայաստանը միշտ եղած է ներկայ Հայկազեանի մէջ, հիւր դասախօսներով, գրականութեամբ, զգացումով ու տեսիլքով: Իսկ վերջին տարիներու Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումովն ու մեր միասնաբար սերտ գործակցութիւններովը, Հայաստանեան համալսարաններու հետ աճող կապերովը, մենք կ՛ուղղուինք դէպի նոր հորիզոններ:
Հայկազեանի դերը յատուկ է Հայկական սփիւռքին մէջ, եւ Լիբանանեան հարուստ մշակոյթին ուր կրթական խճանկարին մէջ: Հոս հայը՝ իր ինքնութեան պահպանութեամբն ու հպարտութեամբը խաղաղասէր ու ուսումնատենչ ընտանեկան մթնոլորտ ստեղծած է նաեւ ոչ-հայ շրջանակներու հետ»: 
Իր ընդարձակ ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան «ջերմ ու ոգեւորող»  գտաւ համալսարանի մթնոլորտը. «առաձնայատուկ»  համարեց հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները, եւ յաճելի ու օգտակար նկատելով հանդիպումը երկու ժողովուրդներուն մէջ, ընդգծեց Լիբանանցիներու լայնախոհութիւնը, եւ շեշտեց հայութեան ու լիբանանցիներուն հասարակաց արժէքներու եւ շահերու գոյութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան շեշտեց կրթօճախներու դերը, ուր կը թրծուի նոր սերունդներ: Եւ խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, ըսաւ «դուք էք կենդանի նետերը՝ դէպի ապագան ուղղուած, հայութեան ու լիբանանցիներու աւանդական ջերմ բարեկամութեան շարուանկողը» աւելցնելով որ «այս տարածաշրջանում ապրող երկու փոքր ժողովուրդներ ենք եւ հազարաւոր թելեր մեզ իրար են կապում» ու կոչ ըրաւ որ երիտասարդութիւնը աջակցի երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման:
Նախագահ Սարգսեան նշեց որ Լիբանանը առաջին պետութիւններէն էր որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ միակը որ խորհրդական երկու բանաձեւեր քուէարկած է հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով: Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապներուն, եւ յոյս յայտնեց որ շուտով խաղաղութիւն կը վերահաստատուի արաբական աշխարհին մէջ: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ճակատագրով, յիշելով նաեւ որ արաբական ժողովուրդը, ջարդի օրերուն, իր հացը կիսեց հայութեան հետ եւ հաստատեց «Սիրիայի ցաւը մեր ցաւն է» եւ կոչ ըրաւ  շտապ դադրեցնելու կռիւները, նշելով որ Հայաստան թիկունք կը կանգնի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմի ճիգերուն:
Նախագահ Սարգսեան կարեւորեց Լիբանանի եւ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեանց ստորագրած համաձայնագիրը:
Անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան, նախագահը մատնանշեց որ հակամարտութիւնները կը քայքայեն տնտեսական զարգացումները, բարեկեցիկ կեանքով ապրելու հեռանկարը: Շեշտեց որ պետութիւնը թիկունք կը կանգնի կրթութեան եւ մատնանշեց որ Հայաստանը տնտեսապէս արագ զարգացող երկիրներէն է, մանաւանդ տեղեկատուական մարզին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան պատասխանեց ուսանողներու երկու հարցումի, ընդգծելով որ «մեծ խնդիրներ ունենք» եւ առանձնացուց երկու հիմնահարց. Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ Թուրքիոյ կողմէ:

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Եռօրեայ իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելութիւն մըն ալ տուին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցիի դահլիճին մեր, ներկայութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական Մարմինին եւ Լիբանանի հայ Աւետարանական հոգեւոր հովիւներու:
Դահլիճի մուտքին ՀՀ նախագահը դիմաւորուեցաւ հայ Աւետարանական վեց վարժարաններէ հաւաքուած աշակերտական ներկայացուցչական խմբակներու կողմէ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը ծափահարէին Հայաստանի նախագահին. ան իր կարգին դառնալով աշակերտներուն ծափահարեց իրենց եւ շեշտեց թէ ի՛նք կ'ուզէ ծափահարել ու ողջունել երիտասարդները:
Ապա ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան լաւագոյնս գնահատելով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու տարած եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային ծառայութիւնները ի նպաստ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յայտնեց. «Մեզ համար բոլոր հայերն ու համայնքները նոյնքան կարեւոր են ամէն մէկը իր կատարած աշխատանքի ծիրէն ներս»: