Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այս տարի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 22ին՝ Գոհաբանութեան տօնին օրը, եւ գոյացուց 21,411,477 ամերիկեան տոլար:

Այս գումարին մաս կը կազմեն նախորդող օրերուն եւ շաբաթներուն սփիւռքեան զանազան գաղութներու մէջ կազմակերպուած հանգանակային արշաւներու ու այլ ձեռնարկներու միջոցաւ գոյացած նուիրատուութիւնները:
Ամէն տարուան նման, ՀՕՄականներն ու ՀՕՄի միաւորները հանգանակութեան մասնակցեցան թէ՛ տեղական, եւ թէ համահայկական մակարդակներու վրայ: Անկախ տեղական մարմիններուն ճամբով կատարուած նուիրատուութիւններէն, ՀՕՄի համահայկական ընտանիքի ճիգերով «Հայաստան» հիմնադրամին կատարուեցաւ 30 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը: Այս գումարին 20 հազար ամերիկեան տոլարը պիտի յատկացուի սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներու, իսկ մնացեալ 10 հազարը՝ Արցախի մէջ հիմնադրամի ծրագիրներուն:

ՀՕՄ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ  ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յատուկ վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2012-ին, Կեդրոնական գրասենեակէն ներս:
Վիճակաձգութեան ներկայ էին ՀՕՄ- ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Փոլին Կեցոյեան, ԱՄՆ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմէն Թալին Մկրտիչեան, Պոսթընի մասնաճիւղերու անդամներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի եւ Արեւելեան ԱՄՆի գրասենեակի անձնակազմը:
Յանուն Կեդրոնական վարչութեան խօսք առնելով, Փոլին Կեցոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք վիճակահանութեան տոմսեր գնելով քաջալերեցին այս ձեռնարկը, նշելով որ հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներուն: Կեցոյեան շնորհակալութեամբ ընդգծեց նաեւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու մասնաճիւղերու եւ անդամներու նուիրեալ աշխատանքը՝  ի խնդիր այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, եւ եզրափակեց իր խօսքը մասնակիցներուն ուղուած բարեմաղթանքով:
Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ երեք պարգեւները ստացան հետեւեալները՝
Առաջին պարգեւ՝  $7,500 (եօթ հազար հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար)‘ Թիւ 1093, Զօրիկ Գասպարեան (Լոնտոնէն)
Երկրորդ պարգեւ՝  $5,000 (հինգ հազար ամերիկեան տոլար) Թիւ 605, Պելլա Յակոբեան (Կլենտէյլէն, ԱՄՆ)
Երրորդ պարգեւ՝  $2,500 (երկու հազար հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար)՝ Թիւ 1169, Մունէր Դարբինեան (Քուէյթէն)։
Վիճակաձգութեան աւարտին, ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակը կապ հաստատեց պարգեւ ստացողներուն հետ, պաշտօնապէս փոխանցելու արդիւնքն ու Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքը:

Վիճակաձգութիւնը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ ՀՕՄ-ի կայքէջէն: Երիզը կարելի է դիտել՝ www.ars1910.org