Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հունգարիոյ Հայ Համայնքը Մտադիր է Նոր Քայլերու Ձեռնարկելու

Սաֆարովի գործով‘ Հունգարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպումը  երկրի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հետ դեռ չէ կայացած:

Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է Հունգարիոյ «Հայկական ազգային ինքնավարութիւն» կազմակերպութեան փոխ նախագահ Նիկողոս Յակոբեան: Յիշեցնենք, որ հանդիպումը նախատեսուած էր նախապէս, սակայն արդէն քանի մը անգամ յետաձգուած է տարբեր պատճառներով, ներառեալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի երկրէն բացակայելուն պատճառով: Այդուհանդերձ, հայ համայնքը որոշած է չսպասել եւ ձեռնարկել որոշ քայլերու: Այսպէս, արդէն տեղի ունեցած է հանդիպում փաստաբանի հետ եւ նոյն պահուն  աշխատանք կը տարուի դատարան դիմելու ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, թէ այս տարուան Օգոստոս 31-ին էր, երբ Հունգարիոյ կառավարութիւնը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնած էր Ատրպէյճանին, ուր անոր անյապաղ ազատ արձակած էին, մեծարած իբրեւ ազգային հերոս, կոչումը բարձրացուցած, բնակարան եւ նպաստ յատկացուցած եւայլն:  Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր նախագահի ելոյթով՝ խզած էր Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: