Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նախագահ Սարգսեանին կը յանձնէ Յակոբ Մեղապարտի արձանին մանրակերտը
Լիբանան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ հայրենի պաշտօնական պատուիրակութեան, այցելեց Զմմառու վանք,
ուր դիմաւորուեցաւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններու, քաղաքական գործիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:
Նախագահ Սարգսեան շրջելէ ետք Զմմառի վանական համալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան մը, որուն ընթացքին Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը գոյատեւելու համար կը կարօտի մայր հայրենիքի հոգիին ու շունչին:
«Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր միաբանութեան միջեւ այս հոգեւոր ու մշակութային փոխյարաբերութիւնները զարգանան ու ամրապնդուին եւ մեր միաբանութիւնը բախտաւորութիւնը ունենայ հայրենի հողերուն վրայ գրանցուելու ձեր նախագահութեան օրերուն», ըսաւ ան:
Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Սար- գըսեանը եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը՝ ծառայելու թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ սփիւռքին:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքը հաստատեց, որ 1991-էն ի վեր վատիկանեան եւ լիբանանեան դրօշակներուն կողքին կը ծածանի նաեւ Եռագոյնը:
Ան նշեց, որ երկու ամիս առաջ Զմմառու վանքը արժանացաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին գնահատանքին, որ վանքին ընդմէջէն ուղղուած էր համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հայկական արժէքներուն:
«Այս գնահատանքները անփոխարինելի պարգեւատրումն են Հայ կաթողիկէ զմմառեան միա-բանութեան քրիստոնէական եւ ազգային վաստակին», ըսաւ հոգեւոր տէրը:
«Պարո՛ն նախագահ, ձեր այցելութիւնը Հայաստանի եւ Զմմառու վանքին միջեւ նետուած կամուրջ մըն է, որ կը զօրացնէ մեր հաստատութիւնը՝ գործելու ի խնդիր Հայաստանի եւ հայկական պետականութեան հզօրացման», շեշտեց ան:
Իր խօսքին աւարտէն ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նախագահ Սարգսեանը պարգեւատրեց Յակոբ Մեղապարտի մանրաքանդակով:
Ապա խօսք առաւ նախագահ Սարգսեան, որ արժեւորեց լիբանանահայութեան ջանքերը՝ պահպանելու համար ազգային հայկական աւանդը, մշակոյթն ու ձեռագիրները‘ աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մշտապէս դրսեւորած է յարատեւելու իր աննկուն յատկանիշը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեամբ ունեցած է փառահեղ յաղթանակներ, մշակութային զարթօնքի, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական գոյութեան պայքարի մաքառումներ:
Ան հայ ժողովուրդին անսպառ վերելք մաղթեց ազգային երազներու իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն՝ ձեռք բերուած արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ յարատեւ հարստացնելու գործին մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան եւ Մաշտոցի մատենադարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը: