Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Մենք մեզի համար թրքական եւ մահմետական պատմութիւն մը կը յարմարցնենք՝ արհամարհելով Անատոլուի բոլոր ժողովուրդներն ու հսկայ Բիւզանդիոնը: Կարծես թէ Անատոլուի մէջ կեանքը սկսաւ

Ալփարսլանի գալէն ետք: Օսմանեան սուլթաններն ալ այդ «պատշաճեցում»ի այլ թեմաներ են»

«Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ահմէտ Ալթան, յօդուած մը հրապարակեց «Մեր նախնիները» խորագրով ու խիստ պատասխան մը տուաւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին, որ քննադատած էր «Հրաշալի դարաշրջան» հեռատեսիլային հաղորդաշարը: Վերջերս վարչապետ Թայիփ Էրտողան քննադատական ծանր արտայայտութիւններ ունեցած էր այս հաղորդաշարի մասին, նշելով որ թուրքեր հոն ներկայացուած Սուլթան Սիւլէյմանի նման նախնիներ չեն ունեցած:
«Թարաֆ»ի խմբագիրը բաւական համարձակ միտքեր արտայայտած է իր յօդուածին մէջ, հակազդելով թրքական պետական մտածելակերպին: Ահմէտ Ալթան այս նիւթի շուրջ հետեւեալը կը գրէ իր յօդուածին մէջ.-
Մեր «նախնի» ըսուած բոլոր հալիֆներու եւ փատիշահներու մեծ հայրերը քրիստոնեաներ եղած են: Անոնց մէկ մասը նոյնիսկ քրիստոնեայ հոգեւորականներ եղած են: Վստահ եմ որ մեր մէջէն ո՛չ մէկ, նոյնիսկ վարչապետ Էրտողան չի կրնար ըսել թէ ի՞նչ էր Սուլթան Սիւլէյմանի մօրենական մեծ հօր անունը:
Իսկ ինչո՞ւ եկեղեցի մը կար սուլթաններու Թոփքափուի պալատի մէջ: Ո՞վ է օսմանցին: Մեզի սորվեցուցած են թէ օսմանցիները կուգան «քայը» ցեղէն, իսկ ի՞նչ գիտենք «քայը» ցեղի մասին: Քայը ցեղի գոյութիւնն իսկ կասկածելի է:
Քիչ մը աւելի ետ երթանք: Օսմանցիները իրենց պետութիւնը հիմնեցին 1299ին, իսկ թուրքերը Անատոլու եկած են 1071ին: Ալփարսլանի հետ Անատոլու քանի՞ թուրք եկած է: Մէկդի թողունք «թուրքերը ովքե՞ր են» հարցումը:
Այսօր մենք թուրք կոչուած 70 միլիոն մարդիկ, 1071ին Ալփարսլանի հետ եկած թուրքերու հարազատ զաւակնե՞րն ենք, թէ ոչ այդ դարուան Անատոլուի մէջ ապրող հայերու, բիւզանդացիներու, յոյներու եւ քիւրտերու համատեղ զաւակներն ենք: Այդ պարագային ինչպէ՞ս կ'ըլլայ որ մեր «նախնիքը» միայն թուրքեր եւ մահմետականներ էին: Մեր նախնիներու միջեւ բիւզանդացիներ չկա՞ն:
Մենք մեզի համար թրքական եւ մահմետական պատմութիւն մը կը յարմարցնենք՝ արհամարհելով Անատոլուի բոլոր ժողովուրդներն ու հսկայ Բիւզանդիոնը: Կարծես թէ Անատոլուի մէջ կեանքը սկսաւ Ալփարսլանի գալէն ետք: Օսմանեան սուլթաններն ալ այդ «պատշաճեցում»ի այլ թեմաներ են:
Մինչեւ հիմա «քեմալիստ»ներն է որ պատմութիւն կը յարմարցնէին, հիմա ալ պահպանողականները կը յարմարցնեն (նկատի առած է վարչապետ Էրտողանը): Ըստ անոնց, օսմանեան սուլթանները ձիէն չէին իջներ, չէին համբուրուէր, սեռային յարաբերութիւն չէին ունենար, իրենց գլուխները նամազէն չէին բարձրացներ:
Սուլթան Սէլիմ Բ.ի ծածկանունը «Գինով Սիւլէյան» էր, իսկ Մուրատ Դ. սուլթանը մահացաւ ալքոլը չարաշահելու հետեւանքով։ Երբեք հետաքրքրուա՞ծ էք թէ սուլթաններու համար ոգելից ի՛նչ ըմպելի կը մտնէր Պոլիս։ Այդ դարերու ներմուծումի մասին տուեալներ կան, եթէ կը հետաքրքրուիք, կրնաք կարդալ։
Սուլթաններու հարեմները կիներով լեցուն էին։ Միթէ այդ կիներէն միայն մէկո՞ւն հետ կը քնանար սուլթանը։ Եթէ մենք ամէն վարչապետի պէս պատմութիւն մը յարմարցնենք, հաստատ՝ կ'այրինք։ Ամէն պետութիւն իր «պաշտօնական պատմութիւն»ն ունի։ Ամէն հասարակութեան մէջ պատմական ամօթներ կան, որոնք մասամբ կը փոխարինուին «պաշտօնական պատմութեամբ»։ Արուեստագէտներն ու անկախ պատմաբաններն են որ կը մերկացնեն քօղարկեալ իրողութիւնները։ Անո՛նք են որ իրականութիւնը կը ներկայացնեն։
Հաւաքականութիւն մը պաշտօնական պատմութեան սուտերէն հոգեպէս մաքրագործուելով, կ'ընդարձակի ու կը փրկուի սուտերէն։ Այսօր մեծ հաճոյքով կþունկնդրենք «Ալաթուրքա» երաժշտութիւնը, որու աղբիւրը Բիւզանդիոնն է։ Օսմանեան կայսրութեան «աւանդութիւն»ներու մեծամասնութիւնն ալ փոխ առնուած է Բիւզանդական կայսրութենէն։
Մեր նախնիներու մօտ ալ թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ կողմեր կային, մենք մեզի պատմութիւն մը յարմարցնելով, մեր ամօթալի խեղճութիւնն է որ մէջտեղ կը դնենք։
Պէտք չէ վախնալ իրականութիւններէն։
Մեր պատմութիւնը այնքան հարուստ է, որ շատեր կրնան նախանձիլ։ Այդ պատմութեան մէջ ամէն կրօնքէ նախնիներ տեղ կը գրաւեն ու մարդկութեան ամէն «վիճակ»ը կայ հոն։ Սուտերով պարծենալու փոխարէն, հպարտանանք մեր պատմութեան հարստութեամբ» կ'ամբողջացնէ Ալթանը: