Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.»., «Ֆարս».- Սուրիական բանակի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ երէկ Երկուշաբթի օր սուրիական ուժերը կրցած են ներխուժել Հալէպի հիւսիսային Պոսթան Փաշա շրջանէն ներս, որ ապստամբներու հակակշիռին տակ կը գտնուէր՝ գրաւելով անոր կեդրոնական

հրապարակը: Սուրիական բանակի յարձակումը սկսած է Նոր Գիւղէն:
Նոյն օրը, բանակը հաղորդեց, թէ վերագրաւած է նաեւ Հոմսի մէջ ընդդիմութեան հակակշիռին տակ գտնուող կարգ մը թաղամասեր՝ սպաննելով մօտաւորապէս 40 զինեալներ, մինչ նոյն քաղաքի այլ շրջանի մը մէջ, որ բանակի հսկողութեան տակ կը գտնուի, ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումով սպաննուած են 15 քաղաքայիններ:
Բանակը նաեւ ծանրօրէն ռմբակոծած է Դամասկոսի արուարձանները ու Թուրքիոյ սահմանին մօտերը գտնուող ընդդիմութեան դիրքերը:

Հալէպի մէջ հայ զոհ մը եւս

Հալէպի մէջ իրավիճակը նոյն է. լարուածութիւնը դեռ կը շարունակուի Հալէպի օդանաւակայանի ճանապարհին, հայաբնակ Նոր Գիւղի եւ անոր մօտ թաղամասերուն մէջ: Երէկ նաեւ հայազգի կին մը մահացած է:
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, ըսած է որ քաղաքին մէջ ոչ մէկ նկատելի փոփոխութիւն կայ իրողական առումով, սակայն ռմբակոծման եւ պայթումներու ձայները գրեթէ մնայուն կերպով կը լսուին: Ան հաստատեց, որ բանակը Պոսթան Փաշայի մէջ յառաջխաղացք արձանագրած է: Կարգ մը թաղամասերու մէջ դիպուկահար արձակազէններու վտանգը կը մնայ առկայ, ինչպէս նաեւ հրասանդի հրթիռներու աւերը: