Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՛ողջունէ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ Ներկայացուցիչներու տան մէջ աթոռներու մեծամասնութիւնը իրենց հակակշիռին տակ պահած Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը

որոշած է Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը վստահիլ հայամէտ քոնկրեսական Էտ Ռոյսին, որ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումին հանրապետական համա-ատենապետն է:
«Իբրեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, քոնկրեսական Ռոյս ցոյց տուած է, թէ մարդկային տարրական իրաւանց պաշտպան մըն է՝ պայքարելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձին համար», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
Թրքական մամուլը կը յիշեցնէ, թէ յանձնախումբի ներկայ նախագահն է Իլիանա Ռոս Լեհթինըն, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ Թուրքիա: Հանրապետական կուսակցութեան կանոնադրութեան համաձայն՝ ան չէր կրնար վերընտրուիլ այդ պաշտօնին համար։ Թրքական մամուլը նաեւ կը նշէ, թէ Ռոյս ծանօթ է իր հակաթուրք կեցուածքով՝ աւելցնելով, որ Ամերիկայի թրքական լոպին իր կարելին ըրած էր ձախողութեան մատնելու համար անոր նշանակումը: Ռոյս 113րդ Քոնկրեսին մէջ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար, 2013ին:
Քոնկրեսական Ռոյս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագով է եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մնայուն կերպով անդրադարձած է հայերուն համար կենսական խնդիրներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Ան նաեւ իր մտահոգութիւնները միշտ յայտնած է Ցեղասպանութեան պատճառով Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցիներու ու քրիստոնէական համայնքի ունեցուածքի վերադարձի օգտին: