Այս թիւի յաւելումի ցուցանիշը՝ ըստ «Դեմոսկոպ» հանդէսի, ուղղակիօրէն կապակցուած է տեղւոյն վրայ բնակութիւն հաստատող ընտանիքներու թիւի ցուցանիշով:
Վերջին 20 տարիներու ընթացքին հայերու թուաքանակը Ռուսաստանի մէջ կրկնապատկուած է, կը պնդեն ռուսաստանցի մասնագէտները:
«Եթէ 1989-ին հայերու քանակը Ռուսաստանի տարածքէն ներս 532 հազար էր, ապա 2010-ին իրագործուած մարդահամարի տուեալներով՝ հայերու թուաքանակը Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքէն ներս արդէն 1 միլիոն 180 հազար կը կազմէ»: Այս տուեալները հրապարակուած են ժողովրդագրական խնդիրներու նուիրուած մոսկովեան ամենահեղինակաւոր հանդէսի՝ «Դեմոսկոպ»-ի վերջին թիւին մէջ:
ՇԱՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ Է ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գիտական այս հանդէսի վերջին թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած է Ռուսաստանի բնակչութեան ազգային կազմի վերլուծութեան՝ արձանագրելով, թէ բացարձակ թուաքանակով որեւէ այլ ազգի ներկայացուցիչներ այդքան արագընթաց կերպով չեն աճիր, որքան հայերը:
Համեմատութեան համար նշենք՝ թէ 20 տարուայ ընթացքին հայերու թիւը Ռուսաստանի մէջ աճած է 650 հազարով, երբ նոյն պահուն ռուսերու թուաքանակը նոյն ժամանակահատուածին կրճատուած է մօտ 9 միլիոնով, թաթարները՝ 250, իսկ հրեաները՝ շուրջ 400 հազարով: Ազերիներու եւ վրացիներու թուաքանակը Ռուսաստանի մէջ 1989 թուականէն մինչեւ 2010-ը աճ արձանագրած է, այդ աճի ցուցանիշերը սակայն զգալիօրէն նուազ են հայերու ցուցանիշէն:
Արձանագրելով, որ հայերու թուաքանակի կտրուկ աճը ծնելիութեան բարձր ցուցանիշի վկայութիւն մը չէ, այլ տեղւոյն վրայ փոխադրուող եւ կայք հաստատող ընտանիքներու թիւի աճին հետ կապակցուած է, ռուսաստանցի մասնագէտները նկատել կուտան թէ «Անդրկովկասեան երեք ազգերու ներկայացուցիչներու մեծ մասը՝ շուրջ մէկ միլիոն մարդ, Ռուսաստանի տարածք տեղափոխուեցաւ հիմնականօրէն 90-ական թուականներուն: 2000էն յետոյ հիմնական ներգաղթեալները Միջին Ասիոյ բնակիչներ էին՝ ղրխըզներ, ուզպեքներ ու տաճիկներ»։
Միաժամանակ, «Դեմոսկոպ» կ'արձանագրէ. «Այս, չի նշանակեր սակայն, որ անդրկովկասեան մեծ հոսքը վերջնականապէս դադրած է: 2008-2010ի ընթացքին 50.000է մինչեւ 100.000 հայ ներգաղթած է Ռուսաստան: Հայերու աւելի քան 60% տոկոսի տարիքը 20է մինչեւ 60 տարեկան է: Ռուսաստանաբնակ հայերու մօտ 30% տոկոսը ծնած է ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ, այսինքն 20 տարեկան է»:
Այսօր հայերը Ռուսաստանի տարածքին բնակող ազգերու թիւին մէջ, թուաքանակի հիմամբ՝ եօթերորդն են՝ զիջելով միայն ռուսերուն, թաթարներուն, ուքրանիացիներուն, չուվաշներուն, բաշկիրներուն ու չէչէններուն:
Հայկական մամուլը, իր ընդհանուրին մէջ, բազմաթիւ անգամներ ահազանգ հնչեցուցած է Ռուսաստանի վարած պետական քաղաքականութեան առումով, որ կը խրախուսէ Հայաստանի քաղաքացիներու Ռուսաստան տեղափոխուելու հարցը, գումար ու աշխատանք ապահովելով անոնց համար: