Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձախումբը Աւստրալիոյ միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Միջազգային օգնութեան եւ առեւտուրի բաժնի հետ համագործակցութեամբ քայլեր կը ձեռնարկէ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Այս մասին կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի օրէնսդրական խորհուրդի անդամ Ուոլթ Սեքորտ հանդէս եկած է Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու եւ Աւստրալիոյ կողմէ անոր օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Ան մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիահայերու դրութեան հետ կապուած եւ աւելցուցած. «Ես կ'աջակցիմ Աւստրալիոյ կառավարութեան խոստումին Հայաստանի փախստականներուն 24,5 միլիոնն տոլար յատկացնելու վերաբերեալ»:
«Աւստրալիոյ կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ մենք կ'աշխատինք Հայաստանի գերատեսչութիւններուն 24,5 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ՝ սուրիահայերուն աջակցելու համար»,- յայտարարած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան: