Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը՝ Հայ տպագրութեան 500ամեակին առիթով։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեան այս առիթով նշած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Նոր Ջուղայի մէջ ստեղծուած 17րդ դարու ձեռագիր մատեաններ, 1638-1641 թուականներու առաջին գիրքերը, նմոյշներ Մատրասի, Կալկաթայի մէջ հրատարակուած

հնատիպ գիրքերէն, Մատրասի մէջ 1794 թուականին հրատարակուած հայերէն առաջին պարբերական «Ազդարար»ը, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը բնորոշ նմոյշներու ընտրանի:
«Ցուցահանդէսը ներկայացնում է Նոր Ջուղան՝  մի քաղաք, որտեղ ոչ միայն հայկական հարուստ պատմական աւանդոյթներ են, չափազանց հետաքրքրական է ցուցահանդէսը նաեւ այն առումով, որ ներկայացնում է Նոր Ջուղայի կենսակերպը, ապրելակերպը», յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը: Անոր համաձայն, ցուցահանդէսին ընթացքին մշակութային տարբեր արժէքներ անջատաբար զետեղծուած են, ինչ որ առիթ կու տայ դիտելու ներկայացուած ցուցանմոյշները այն միջավայրին մէջ, ուր անոնք ստեղծուած են։ «Այստեղ նաեւ անհատի արժեւորումն է իր իսկ կողմից ստեղծուած մշակութային արժէքի», աւելցուցած է նախարարը: