Գերմանական Հալլէ քաղաքի հայ համայնքը ստորագրահաւաք մը նախաձեռնած է քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնաժողովի որոշման դէմ:
Ինչպէս կը տեղեկացուի գերմանահայութեան կողմէ, Հալլէի քաղաքապետ տիկին Տակմար Շաբատոս նախապէս իր համաձայնութիւնը տուած էր հայ համայնքի խնդրանքին ընդառաջելով, որպէսզի քաղաքէն ներս զետեղուի 1915 թուականի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար:
Նշենք, որ տիկին քաղաքապետը այս տարուայ Ապրիլին այցելութիւն մը տուած էր Երեւան եւ հանդիպումներ ունեցած Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ:
Խաչքարը պիտի կանգնեցուի 2015 թուականին, իսկ անոր ձեւանմուշի վրայ սկիզբէն արձանագրուած էր «Ցեղասպանութիւն» բառը: Այսուհանդերձ, Հալլէի քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնաժողովին ի վերջոյ առաջարկուած է փոխարինել Ցեղասպանութիւն բառը եւ օգտագործել «կոտորած եւ տեղահանութիւն» բառերը, մատնացոյց ընելով Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի այս հարցի վերաբերեալ 2005-ին ընդունուած բանաձեւը:
Հալլէի հայերը կը պնդեն, որ խաչքարին վրայ «Ցեղասպանութիւն» բառը պէտք է արձանագրել, իսկ այս բառի օգտագործումը որեւէ իրաւական պարտաւորութիւն չենթադրեր ոչ քաղաքի ղեկավարութեան, ոչ ալ առավել եւս մշակութային յանձնաժողովին համար:
Պայքարը կը շարունակուի: