Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Հրապարակ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ կը փակուի Պէրլինի Ազատ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնը: Պատճառները նիւթական են:


Յայտարարութեան մէջ նշուած է թէ Սփիւռքի նախարարութենէն պահանջուած է տարեկան 24.000 եւրօ տրամադրել անոր, սակայն չէ ստացուած։
Այսուհադերձ նշենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ արտասահմանեան որեւէ հայագիտական հիմնարկի օգնութիւն չի տրամադրեր, ուստի Պէրլինի  ամպիոնին ակնկալութիւնը, իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլար:
Գրութեան մէջ կը նշուի, թէ Պէրլինի համալսարանին մէջ կը գործէ ատրպէյճանցիներու ամպիոն: