Եւրոպացիներուն համար դժուար շաբաթ մը ընթացքի մէջ է:
Յունաստանի շուրջ անհամաձայնութենէն ետք՝ «27» երկիրներու ղեկավարները այսօր եւ վաղը կը հանդիպին Պրիւքսելի մէջ, քննարկելու համար Եւրոպական Միութեան 2014-2020 նախահաշիւն ու պիւտճէն:
Իւրաքանչիւր երկրի կառավարութիւն անդրդուելի կեցուածքով ներկայացաւ Eurogroupի ժողովին: Տաս ժամ քննարկումներէ ետք Վոլֆկանկ Սոյպլէ յայտարարեց թէ տնտեսութեան եւրոպացի նախարարները որեւէ համաձայնութեան չի կարողացան յանգիլ Յունաստանի վերաբերեալ: Ոչ ալ խօսք եղաւ նոր վարկի տրամադրման գծով: Յունաստանի կառավարութեան առջեւ դժուար կացութիւն ստեղծուած է, քանի որ յայտնի չէ թէ մինչեւ երբ կարելի պիտի ըլլայ գոյատեւել:
Քոմիսիոն իր կարգին, անտրամադիր գտնուած է յաւելեալ հարկերու հաստատման գծով եւ մերժած է շարունակել կրճատումներու քաղականութիւնը:
Որոշումներու կայացումը դարձեալ յետաձգուած է Երկուշաբթի օրուայ գագաթնաժողովին: Reuters յոռետեսութեամբ կը նշէ, թէ Յունաստան պիտի չկարողանայ նուազեցնել իր պարտքը՝ յառաջիկայ տաս տարիներուն ընթացքին: