20 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու՝ Իրանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Կարէն Խանլարեանի, Ռոբերտ Բեգլարեանի ու Իրանի ռատիոյի հայկական ժամի ղեկավար Ռոբերտ Մարգարեանի հանդիպումը լրագրողներուն հետ։
Անոնք խօսեցան իրանահայ համայնքի խնդիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Իրանի տնտեսական վիճակին ու ակնկալուող ներքաղաքական զարգացումներուն:
Իրանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան յայտնեց, որ վերջին ամիսներուն Իրանի տնտեսական վիճակի վատթարացումը պայմանաւորուած է Արեւմուտքի պատժամիջոցներով եւ այդ երկիրներուն վարած տնտեսական քաղաքականութեամբ: Ան դիտել տուած է, որ ասոր զուգահեռ Իրանի մէջ քաղաքական կեանքը կը շարունակէ կայուն մնալ: «Յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնների հետ կապուած ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնն արդէն որոշակի ակտիւութիւն են ցուցաբերում: Լաւ կը լինի, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում շեշտը դրուի հէնց տնտեսութեան վրայ», յայտնեց ան:
Պատգամաւորին համաձայն, հայերը, որպէս կանոն, երկրի ներքաղաքական պայքարներէն հեռու կը մնան։ «Մենք փորձում ենք ակտիւօրէն մասնակցել համապետական ընտրութիւններին, սակայն նախընտրական պայքարները երբեք էլ չեն տարածուել հայ համայնքի վրայ», դիտել տուաւ Խանլարեանը:
Իրանի խորհրդարանի միւս պատգամաւորը՝ Ռոբերտ Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ Իրանի տընտեսական ներկայ ծանր իրավիճակը կը բացատրուի նաեւ Իրանի գործող կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեամբ: «Դա անհերքելի փաստ է արդէն թէ՛ տնտեսագէտների, թէ՛ վերլուծաբանների կողմից»:
Ըստ անոր, Իրանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն բոլոր թեկնածուները, ամենայն հաւանականութեամբ, շեշտը պիտի դնեն Իրանի տնտեսական առկայ իրավիճակէն դուրս գալու կարեւորութեան վրայ, սակայն վերջնական խօսքը կը պատկանի Իրանի հոգեւոր առաջնորդին:
Իրանահայութեան թիւը շուրջ 100 հազար է: Իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ իրանահայութեան մեծագոյն հարցը ընկերային -տնտեսական իրավիճակն է, որ կ՛ազդէ բոլորին վրայ։
Իրանի հայկական համայնքը ունի մէկ օրաթերթ՝ «Ալիք»ը: Լոյս կը տեսնեն նաեւ քանի մը այլ շաբաթաթերթեր, որոնք իրանահայութիւնը տեղեակ կը պահեն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։
Կ. Խանլարեան հաստատեց, որ Իրանի մէջ բնակող քանի մը տասնեակ հազար հաշուող հայկական համայնքը ոչ մէկ խտրական վերաբերմունք զգացած է Իրանի մէջ։ «Հայերի նկատմամբ խտրականութեան երեւոյթներ չկան եւ չեն եղել պատմութեան մէջ: Իրանահայութեանը միայն սոցիալ-տընտեսական կեանքն է նեղացնում, որն էլ կարող է հետագայում արտագաղթի բերել», նշեց իրանահայ պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ արտագաղթելու որոշում տուող իրանահայերը ընդհանրապէս կը գաղթեն եւրոպական երկիրներ, իսկ անոնց միայն տասը տոկոսը Հայաստան կը տեղափոխուի։
«Մեր նկատմամբ չկայ գրաքննութիւն, մենք ազատօրէն տեղադրում ենք մեր նիւթերը», հաստատեցին ներկաները: