Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

100.000 ամերիկեան տոլարէն յատկացումներ ստացած են հայկական 27 վարժարաններ

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութենէն կը յայտնեն, որ ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ի ծիրին մէջ հանգանակուած 100 հազար ամերիկեան տոլարի բաշխումը սկսած է արդէն սուրիահայ բոլոր վարժարաններուն:
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Յակոբեանի համաձայն, 100 հազար ամերիկեան տոլարէն յատկացումներ ստացած են Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ այլ շրջաններու մէջ գործող հայկական 27 վարժարաններ: «Հալէպէն դուրս գործող բոլոր վարժարանները ամիսներէ ի վեր արդէն կը գործեն, իսկ Հալէպի դպրոցներու բարձրագոյն դասարանները հայկական կեդրոններու եւ ապահով շրջաններ գտնուող վարժարաններու մէջ կը գործեն: Յոյսով ենք, որ պայմանները շուտով կը դառնան ձեռնտու‘ նախակրթարանները եւս վերաբանալու համար», յայտնեց ան:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Ռէյիսեանը աւելցուց, որ «ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, ՀՕՄ-ի հայկական վարժարաններուն տրամադրուած այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու ամբողջացման՝ թէ՛ հայկական վարժարանի գոյատեւման նպաստող անհրաժեշտ գումար հասցնելով, թէ՛ ծնողքին նիւթական բեռը թեթեւցնելով»:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ՀՕՄ-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին, կողքին, սուրիահայութեան ի նպաստ այլ հանգանակութիւններու եւս ձեռնարկած են ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները անխտիր: «ՍՕԽ-ը Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ կը շարունակէ գործել: Ժամանակ մը պարտադիր դադարէ ետք, վերսկսած է գործել ՍՕԽ-ի դարմանատունը եւ տարրալուծարանը. բաւարարելու համար ստեղծուած կարիքները՝ հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ եւս ստեղծած ենք բժշկական ծառայութեան կարելիութիւն: Յաղթահարելով դժուար պայմանները՝ բազմապատկուած տարողութեամբ կը շարունակենք ծառայել կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ուսանողներուն ու ճիգ չենք խնայեր նաեւ բաւարարելու կարիքները Պատսպարանի մեր երեխաներուն: Այս պայմաններուն մէջ, բնականաբար սերտ գործակցութեան մէջ ենք Շտապ օգնութեան միացեալ մարմինին, Ազգային իշխանութեանց եւ յատկապէս Առաջնորդ սրբազան հօր հետ», յայտնեց ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին:
Սուրիահայութեան պայմաններու մեղմացման գծով անմիջական աշխատանք կը տանին նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Լիբանանի միաւորները‘ նկատի ունենալով, որ սուրիահայեր ապաստանած են Հայաստան ու Լիբանան:
Հայաստանի պարագային ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը արդէն կազմած է Սուրիահայութեան հարցերով զբաղող իր յանձնախումբը, որ շաբաթական կանոնաւորութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին փորձ կը կատարուի բացատրութիւն եւ ուղղութիւն տալու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու դիմագրաւած խնդիրներուն, յատկապէս կրթական, առողջապահական ու օրինական մարզերուն մէջ: «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան հետ գործակցաբար ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շըրջանային վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄ-էն ստացած ու իր միջոցներով ապահոված դեղորայքի որոշ քանակ մը ուղարկած էր Հալէպ: Իսկ նկատի ունենալով ձմեռնամուտը, Հայաստանի միաւորը սնունդ տաք հագուստ եւ ծածկոցներ յատկացուցած էր կարիք ունեցող ընտանիքներու:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեան մաս կը կազմէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմուած սուրիահայութեան հարցերով զբաղող յանձնախումբին: