Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներ սկսած են այսօր առաւօտուն Գահիրէի կեդրոնական հատուածէն ներս:
Բախումները տեղի ունեցած են Թահրիր հրապարակի մօտ, երբ ցուցարարները փորձած են գրաւել Եգիպտոսի Ներքին գործոց նախարարութեան շէնքը: Իրաւապահները արցունքաբեր կազով նռնակներ արձակած են:
Եգիպտոսի զանազան քաղաքական եւ հասարակական շարժումներու նախաձեռնած բողոքի ցոյցերը նուիրուած են մէկ տարի առաջ Թահրիր հրապարակի զոհերու յիշատակին: