17 Նոյեմբերին Եգիպտոսի Ասիութ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ահաւոր արկած մը, երբ Գահիրէէն Ասիութ ուղղուող շոգեկառքը բախեցաւ 4-8 տարեկան 48 աշակերտներ փոխադրող հանրակառքի մը՝ պատճառելով բոլորին մահը:
Արկածին իբրեւ հետեւանք մահացան նաեւ ինքնաշարժին մէջ եղող աշակերտներուն հսկիչն ու վարորդը:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամէտ Մուրսի այս առիթով պատկերասփռուած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ընդունած է փոխադրութեան հարցերու նախարար Մոհամէտ Ռաշատ Մութայնիի հրաժարականը, զոր վերջինը ներկայացուցած էր արկածէն ետք, ինչպէս նաեւ երկաթուղագիծի յանձնաժողովի նախագահ Մուսթաֆա Քանուիի հրաժարականը: Ան հաստատեց, որ այս առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարուի, եւ բոլոր պատասխանատուները իրենց արժանի պատիժը պիտի ստանան: Ականատեսներու համաձայն, դպրոցական կառքը երկուքի բաժնուած էր շատ զօրաւոր բախումին պատճառով: Աշակերտներուն արեան հետքերը յստակ տեսանելի եղած են շոգեկառքին վրայ, իսկ անոնց պայուսակներն ու տետրակները ցրուած են ամէնուրեք: Շոգեկառքին մէջ եղողներէն մէկը, որ մեծապէս ցնցուած էր, պատմած է, թէ երբ շոգեկառքէն իջած է տեսած է մանուկներու գանկեր՝ իրենց մարմիններէն անջատուած: Պատասխանատուներ դիտել տուին, որ դիակներուն այլանդակ վիճակին պատճառով հարազատները դժուար ճանչցան իրենց զաւակները: