Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երեւանի պետական տիկնիկային թատրոնի խաղացանկին մէջ ընդգրկուած «Փոքրիկ իշխան»ի ներկայացումը տեղի ունեցած է Պուքրէշի մէջ «Արուեստներու փառատօն» մշակութային երաժշտական փառատօնի ծիրէն ներս:

Բեմադրիչ Լարիսա Մանկասարովա նշած է, թէ դասական ու այսքան սիրուած ստեղծագործութեան հայկական մեկնաբանութիւնը եւրոպացի հանդիսատեսը անտարբեր չէ ձգած: Ներկայացումը դիտած են ոչ միայն երեխաներ, այլ նաեւ անոնց ծնողները: Բեմադրութիւնը ուղեկցուած է պաստառի վրայ տեղադրուած ռումաներէն լուսագրային թարգմանութեամբ: «Մեր թատրոնը առաջարկ ստացաւ գալ տարի ալ նոյն փառատօնին մասնակցելու համար» ըսած է բեմադրիչը: