Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկուայ մեր թիւով հաղորդած էինք ազերի զինեալներու բացայայտուած դերակատարութեան մասին Սուրիոյ մէջ:


Այսօր յունական de-fencenet.gr կայքէջի հաղորդումին համաձայն, կը հաստատուի մէկ այլ երեւոյթ եւս, փաստելով թէ ալպանացի վարձկան զինեալներ կը գտնուին ընդդիմութեան ուժերուն կողքին:
Ալպանիոյ լրատու հաստատութիւններէն նախապէս հաղորդուած այս տեղեկութիւնը՝ յառաջ եկած է ալպանացի ֆոթոլրագրողի մը կողմէ, որ երկար ամիսներ մօտէն հետեւեցաւ Ռաստանի մէջ ընթացող բախումներուն: Ան խոստովանած է թէ դէմ յանդիման եկած է ալպանական երկու խումբերու զինեալներուն հետ:
Կարելի է հաստատել, թէ Սուրիոյ ապստամբներու կողքին կը պատերազմին այլ ազգերու պատկանող մարդիկ, որոնք սեփական շահի զգացումով կը դիտեն զէնքի ուժի եւ ռազմական գործողութիւններու մէջ իրենց դերակատարութիւնը: