Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իվէթա Մուկուչեան փայլուն ապագայ խոստացող մանեքէն, պարուհի եւ երգչուհի մըն է։ Իր ձայնը կը յիշեցնէ անգլիուհի Ատէլի ձայնին։ Ան ծագումով հայ է, բայց Գերմանիոյ մէջ կ'ապրի։

Էվա Պէրպէրեան կը ներկայանայ երգի արուեստին մէջ։ Ան 26 տարեկան է եւ օդի եղանակը կը ներկայացնէ Փարիզի M6 կայանի յայտագրէն։ Իր առաջին ձայներիզը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ եւ ֆրանսերէն լեզուով պիտի հրատարակուի մօտ օրէն։ Մի քանի տեսաերիզներ արդէն կը տեսնուին you-tube-ին մէջ:

Քլարա Ճիհանեան (Cylew) ծանօթ է րոք երաժշտասէրներու միջեւ: Ան հրատարակած է երկու ձայնաերիզներ, մէկը՝ չորս տարի առաջ, իսկ միւսը՝ վերջին ժամանակա շրջանին։ Իր անձնական կայքէջն է՝ www.cylew.com։